
Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ աւարտած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը՝ նուիրուած 1 Յունուար 2015էն Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ անոր մարմիններու գործունէութեան մեկնարկի գործնականացման:
Նիստին մասնակցած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուկաշենքօ, Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, Ղըր-ղստանի նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւ եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի աշխատակազմի նախագահ Վիքթոր Խրիսթենքօ, որոնք նիստին արդիւնքները ամփոփած են մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու հարցին առնչութեամբ ցուցաբերուած աջակցութեան համար, նաեւ անդրադարձած է այդ երկիրներու համապատասխան նախարարութիւններու, գերատեսչութիւններու, Եւրասիական տն-տեսական յանձնաժողովին կատարած մեծ աշխատանքին եւ բոլորին մաղթած յաջողութիւններ հետագայ գործունէութեան մէջ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Խըրխզիստան միացած է Եւրասիական տնտեսական միութեան:
ԵՏՄին Խըրխզիստանի միանալու վերաբերող փաստաթուղթը ստորագրուած է Երեքշաբթի օր: «Համոզուած ենք, որ Հայաստանի եւ Խըրխզիստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական միութեան կը համապատասխանեն այդ երկիրներու արմատական ազգային շահերուն, լայն հորիզոններ կը բանան անոնց ընկերային-տնտեսական զարգացման համար», դիտել տուած է Ռուսիոյ նախագահը։