ԱՆԳԱՐԱ, «Ճազիրա».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ յայտնած է, որ Թուրքիա պէտք է Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորէ, որովհետեւ բացի Թուրքիայէն՝ ամբողջ աշխարհը նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կառավարութիւնը օրինական կը նկատէ: Ան ըսած է. «Պէտք է Եգիպտոսի հետ մեր յարաբերութիւնները արագօրէն առողջ մակարդակի բարձրացնենք։ Հաւանաբար, այս ուղղութեամբ առաջին քայլը Եգիպտոս պէտք է առնէ, սակայն մենք զայն պէտք է քաջալերենք»:
Արընչ նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիա կարեւոր կը նկատէ Ծոցի արաբական երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները, որոնք Գահիրէի հետ լարուածութեան պատճառով մեծապէս վնասուած են: Ան շեշտած է, որ Անգարա «պէտք է ամրապնդէ Ծոցի երկիրներուն հետ իր պատմական բարեկամութիւնը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.