ՊՈԼԻՍ.- «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Մոսկուա այցելած է, ռուս պաշտօնատարներու հետ քննարկելու համար շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Ուքրանիոյ վերջին իրադարձութիւնները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սինիրլիօղլու, Դեկտեմբեր 22ին աւարտած իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, հանդիպումներ ունեցած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Միխայիլ Պոկտանովի եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի հետ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Դեկտեմբեր 1ին այցելած էր Անգարա եւ յայտարարած, որ Մոսկուա պիտի ջնջէ «Հարաւային հոսք» կազատարի ծրագիրը, որուն փոխարէն առաջարկեց Թուրքիոյ տարածքէն անցնող խողովակաշար մը:
Նշեալ այցելութենէն անմիջապէս ետք, Եւրոմիութիւնը, մտահոգութիւն յայտնելով՝ նշած էր, թէ Թուրքիա եւս պէտք է միանայ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն:
Միւս կողմէ, «Ռոսպալթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք յայտնած է, թէ Թուրքիա վստահելի գործընկեր է դէպի Եւրոպա ուժանիւթի մատակարարումներու ոլորտին մէջ, եւ յոյս յայտնած է իրականացնելու ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:
Ըստ անոր՝ Սեւ ծովու յատակով անցնող Ռուսիայէն Թուրքիա կազատարի նախագիծը այժմ հիմնական խնդիրն է, որուն վրայ կ՛աշխատին երկու կողմերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.