ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի նախաձեռնութեամբ, եւ համագործակցութեամբ գծանկարչական ձեւաւորման բաժանմունքին, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի խորհրդանիշի մրցանք մը տեղի ունեցած է։
Մրցանքը շահած է աւարտական դասարանի ուսանող Քրիսթըֆըր Օրազքօն, որ իր պատրաստած խորհրդանիշին մէջ ի մի բերած է Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի բոցը եւ Յաւերժութեան հայկական խորհրդանիշը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.