ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 25 Դեկտեմբերի գիշերը հակառակորդին կողմէ սահմանագիծի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած հետախուզական գործողութիւնները վնասազերծելէ ետք` Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը հետախուզեցին ամբողջ առաջին գիծը. կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ պարզուած է, թէ բացի վերոնշեալ գործողութիւններէն, հակառակորդին յատուկ ջոկատայինները երկու ուղղութիւններով եւս (արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան) հատած են հակամարտ ուժերու միջդիրքային տարածքը եւ ականապատած կարգ մը հատուածներ: Ձեռնարկուած գործնական միջոցառումներուն շնորհիւ, տեղադրուած բոլոր ականները վնասազերծուած են: Ականազերծման գործողութիւններուն ընթացքին արտակարգ դէպքեր տեղի չեն ունեցած: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկել ամբողջ սահմանագիծը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.