
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Ամէն տարի, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը առիթն ունի հրաւիրելու դասախօս մը՝ շնորհիւ Հենրի Գազանճեան-Գազան հիմնարկի նուիրատուութեան։
Այս տարուան այցելու դասախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Միրնա Տուզճեան, որ գարնանային եռամսեակին պիտի դասաւանդէ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը շարժապատկերներու մէջ» նիւթը։
Դոկտ. Տուզճեան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն վկայուած է՝ մասնագիտանալով բաղդատական գրականութեան ճիւղին մէջ։