ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունուար 22ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Լոս Անճելըսի ջուրի որակը հսկող շրջանային մարմինի անդամ Մարիա Մեհրանեան պիտի ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ ջուրի ենթակառոյցին մասին դասախօսութիւն մը, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205):
Նեկայացումը անգլերէնով պիտի ըլլայ, իսկ մուտքը՝ ազատ:
Նահանգին դիմագրաւած երաշտի պայմաններուն մէջ, անոր գլխաւոր քաղաքներուն ջուր հասնցնող համակարգի նորոգութիւնը ստացած է կենսական կարեւորութիւն, որուն համար նահանգային ու տեղական տարբեր մարմիններ շարք մը ծրագիրներու նախաձեռնած են՝ բաւարար եւ որակաւոր ջուր ապահովելու նպատակով։
Մարիա Մեհրանեան ելեւմտական հարցերու գլխաւոր պաշտօնատարն է ճարտարագիտական եւ շինարարական «Քորտոպա» ընկերութեան, որուն աշխատանքներու ծիրին մէջ կ՛իյնայ նաեւ նահանգի սրընթաց երկաթուղային ծրագիրը: Ան նաեւ 2008էն ի վեր Լոս Անճելըսի ջուրի որակը հսկող մարմինին անդամ է եւ քաղաքացիական ծրագրումի ճիւղին մէջ մագիստրոսի տիտղոս ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն:
Ան Լոս Անճելըսի ջուրի որակը հսկող շրջանային մարմինի անդամ է՝ 2008էն ի վեր, իսկ 2012ին ու 2014ին եղած է անոր ատենապետուհին։
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել գրադարանի հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ Egrigorian@GlendaleCA.Gov հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.