
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Պիլիոնամեայ, խառնափնթոր աշխարհի մէջ
Ուր երկու օր ունինք արդէն,
Մէկը գնաց, մնաց մէ՛կը –
Բառը գնաց, մնաց իմաստը,
Խազը գնաց, մնաց ձայնը,
Ձեւը գնաց, մնաց տեղը,
Նիւթը գնաց, մնաց արժեքը,
Եւ վերջապէս ձիւնն ալ գնաց, մնաց գոյնը.
Ես ի՛նչ ընեմ սպիտակը, մաքրութիւնը,
Եթէ այսքան թունապալար է օդը:
Իսկ անոր որ տունն ալ գնաց, մնաց կեանքը
Վտարուի՜ թող վշտի վհուկը
Մտամոլոր մտմտուքը ափէ ափ՝
թող խաղաղի՜:
Ամանոր է, յոյսի օր է,
Սուրբ Ծնունդ է, լոյսի օր է:
Գնաց մէկը, մնաց կէ՛սը.
Սխալ ըսի վերը տեղ մը – մէկուկէ՛ս է ընդամէնը:
Խելագարած՝ գնաց տարին,
Մեր սրտին մէջ հնամենի անտառներու
եղանակնե՜ր մնացին:
Յայտնի Չէ Որ Յատնի՞ Է,
Թէ Յայտնի Չէ
Ճերմակի եւ սեւի միջեւ
կայ հաւանականութիւն
Ուղիղի եւ ծուռի միջեւ
բախտի ուղեգծում
Ստորոտի եւ գագաթի միջեւ
կայ հրաբուխ
Ժայթքումի ու զսպումի միջեւ
կաթսայ կայ թափուր
Միայնութեան եւ լռութեան
միջեւ
կայ խօսակցութիւն
Ժպիտի եւ լացի միջեւ
կայ խոր ճանաչում
Սէրը կորուստ է
Յոյսը՝ մշտաստուեր
Ճանապարհը պիտի երկարի՞
թէ կարճնայ – յայտնի չէ
Գարնան եւ աշնան միջեւ
կան տերեւներ միայն
Խենթութեան ու խրատի միջեւ
կայ ծերութեան ճամբան
Յագեցման եւ անյագութեան միջեւ
կայ վառվռուն ժամանց
Մեղքի եւ անմեղութեան միջեւ
կայ խնդութիւն կենաց
Օրօրոցի եւ գերեզմանի միջեւ
խախուտ կամուրջներ
Մահուան եւ անմահութեան միջեւ
զոհուող աստուածներ
Կեանքը կեանք չէ
Մահը մահ չէ
Բառերը աչք ունի՞ն – աչք չունի՞ն –
յայտնի չէ
—————————————————–
Merry Christmas and Happy New Year
from all of us at JM Tobacco, Inc.
JM’S DOMINICAN
WWW.JMTOBACCO.COM
Hand Made Premium Cigars
from Dominican Republic