
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ գործող «Շօա» հիմնարկին Տեսողական պատմութեան եւ կրթութեան բաժանմունքը աշխատանք սկսած է հիմնարկին Տեսողական պատմութեան արխիւին մէկ մասը դարձնելու Հայկական շարժապատկերի հիմնարկին տրամադրած՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն 400 վերապրողներու վկայութիւններէն առնուազն 40ը։ Ամբողջ հաւաքածոն կրնայ արխիւին մաս կազմել մինչեւ 2015ի աշուն։
«Շօա» հիմնարկն ու Հայկական շարժապատկերի հիմնարկը 2010ի Ապրիլին համաձայնած էին թուայնացնել 1972էն 2005ի միջեւ դոկտ. Ճէյ. Մայքըլ Յակոբեանի կատարած հարցազրոյցները Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն հետ։ Դոկտ. Յակոբեան «Էմի» մրցանակի թեկնածու դարձած բեմադրիչ մըն էր, որ արտադրած էր աւելի քան 70 դաստիարակչական եւ վաւերագրական ֆիլմեր, որոնցմէ 17ն նուիրուած են հայութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան։ Ան աւելի քան 160 մրցանակներու արժանացած է իր աշխատանքին համար։
«Շօա» հիմնարկին ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրութեան բաժանմունքի վարիչ Քարէն Եունկպլութ կը յայտնէ, որ այս նախաձեռնութեան շնորհիւ, ցարդ բաւարար ուսուկմնասիրութեան չարժանացած Հայկական Ցեղասպանութեան մասին եւ ֆիլմի վրայ արձանագրուած վկայութեանց հարուստ հաւաքածոյ մը մատչելի պիտի դառնայ հանրութեան։
Հայկական շարժապատկերի հիմնարկի հաւաքածոյին մէջ կան նաեւ օսմանցի թուրքերուն ծրագրած սպանդին զոհ գացած ոչ հայերու՝ յոյներու, ասորիներու եւ եզիտիներու, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ աւետարանիչական գործիչներու, արաբ գիւղացիներու, վերապրողներու զաւականերու եւ յայտնի մտաւորականներու վկայութիւնները։
Հայկական շարժապատկերի հիմնարկին հաւաքածոն «Շօա» հիմնարկի արխիւին մէկ մասը դարձնելու աշխատանքին կ՛օգնէ յայտնի հայագետ եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի պատուակալ դասախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ կը յայտնէ, թէ այս նախաձեռնութիւնը կենսական լոյս պիտի սփռէ «մարդկային պատմութեան այս մութ անկիւնին վրայ», բազմալեզու ուսումնասիրական նիւթեր տրամադրելի դարձնելով։
Հայկական շարժապատկերի հիմնարկի հաւաքածոյի հարցազրոյց-վկայութիւնները սովորաբար աւելի կարճատեւ են (միջին հաշուով 15 վայրկեան) քան «Շօա» հիմնարկին արխիւներուն մէջ գտնուած այլ վկայութիւնները եւ անոնցմէ կը տարբերին այն իրողութեամբ, որ ֆիլմի վրայ արձանագրուած են, վաւերագրական ֆիմլեր արտադրողի մը իւրայատուկ ոճով։ Նաեւ, քանի մը վերապրողի հետ, տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին, քանի մը հարցազրոյց կատարուած է։
Հարցազրոյցներուն շեշտը գլ-խաւորաբար դրուած է ուղղակի ականատեսներու վկայութեանց վրայ։ Յատկանշական է նաեւ, որ մինչ Յակոբեան բոլոր հարցազրոյցներուն ձայնային արձանագրութիւնը պահած է ամբողջութեամբ, տեսողական արձանագրութիւնը կատարած է միայն վստահ ըլլալէ ետք, որ խօսողը իսկապէս ականտես եղած է յատկանշական իրադարձութեան մը, որուն համար նախահարցազրոյցներ կատարած է։
Հետաքրքրական են նաեւ ձայնային արձանագրութիւններուն մէջ պահուած բեմադրիչին արտայայտութիւններն ու ցուցմունքերը՝ վկաներուն կամ իր օգնականներուն, ինչպէս նաեւ արկածով արձանագրուած ձայներն ու վրիպակները։
Դոկտ. Մայքըլ Յակոբեան երբեմն դատախազի մը խստապահանջութեամբ կատարած է հարցազրոյցները, վստահ ըլլալու համար, որ հարկաւոր մանրամասնութիւնները ու իրադարձութեանց դերակատարները յստակօրէն արձանագրուին։
Նշենք, որ դոկտ. Յակոբեան իր մահկանացուն կնքեց 2010ին, 97 տարեկան հասակին։
«Մայքըլ Յակոբեան մեզի արտաձեռնօրէն յանձնեց իր ամէնօրեայ արձանագրութեանց արխիւները, որոնք օրագրութեանց տպաւորութիւնը կը ձգեն եւ սովորաբար հանրութեան տրամադրելի չեն ըլլար։ Ասոնք աւելի անմիջական կը դարձնեն հարցազրոյցները, որոնք յոյժ տպաւորիչ են, սակայն երբեմն դժուարութեամբ կը դիտուին՝ շատ զգացական ըլլալով», կը յայտնէ «Շօա» հիմնարկի այս ծրագիրը համակարգող Հրակ Ետալեան։
«Շօա» հիմնարկին արխիւին միացուելիք Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու վկայութիւնները դիւրութեամբ փնտռելի պիտի ըլլան ուսումնասիրողներուն համար եւ յատուկ հայկական վկայութեանց համար մօտաւորապէս 300 եզրեր պիտի աւելցուին արխիւին համար այժմ օգտագործուող մօտաւորապէս 62,000 եզրերուն վրայ։
Իբրեւ նախաճաշակ, «Շօա» հիմնարկի կայքին՝ www.sfi.usc.edu վրայ տեղադրուած են վերապրողներ Միհրան Անտոնեանի եւ Յարութիւն Այվազեանի վկայութիւնները։