«CNNturk»ի համաձայն՝ երկրի մշակոյթի նախարար Օմեր Չելիք յայտարարած է, որ կ՛աշխատին հայ երիտասարդները հիւրընկալելու վերաբերող ծրագիրի մը պատրաստութեան գծով։
«1915ի դէպքերուն վերաբերեալ մշակութային հաղորդագրութիւնները բազմացնելու պարտաւորութիւն ունինք: Խորհրդարաններուն կողմէ մեզի վերաբերող որոշման կայացումէն աւելի մեզի համար կարեւոր է աշխարհի հանրութեան ճիշդ տեղեկութիւններ հաղորդելը, ապահովելը, որ դէպքերուն նային մեր աչքերով», յայտնած է ան արտասահմանեան երկիրներու մէջ ծառայող Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.