Տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս, Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Ճրագալոյցի օրը, Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2015ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Տնօրհնէքի ու Ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Կլենտէյլի Memorial հիւանդանոցի յարկին տակ, իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները բաշխելով հիւանդանոցի պատասխանատուներուն եւ նուիրեալ ծառայողներուն։ Առաջնորդ սրբազան հօր կ՛ընկերանային Պօղոս աբղ. Թինքճեան ու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։
Հիւանդանոցի մուտքի սրահին մէջ, առաջնորդ սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը դիմաւորուեցան հաստատութեան նախագահ Ճէք Այվիի, Կլենտէյլի ոստիկանապետ Ռապըրթ Քասթրոյի, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի պաշտօնատարներէն Փօլա Տեւինի, Սեդա Խոճայեանի եւ Սքաթ Օչոայի, խորհրդարանական Ատըմ Շիֆի ներկայացուցիչ Մէյրի Յովակիմեանի, նահանգային խորհրդարանական Քարոլ Լիուի ներկայացուցիչ Թալին Մաճիօղլուի եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ։
Հիւանդանոցի նախագահը, ողջունելէ ետք ներկայ եկեղեցականներն ու պատուոյ հիւրերը, շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, որ այս տարի եւս տօնական այս օրերուն կ՛այցելէ հաստատութիւնը եւ օրհնութիւնները կը բերէ հիւանդանոցին ու մանաւանդ հիւանդներուն:
Սրբազան հայրը խօսք առնելով, իր կարգին ողջունեց ներկայ հիւրերը, հիւանդանոցի նախագահն ու պաշտօնէութիւնը, ապա Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ իր շնորհաւորական խօսքերը ուղղելէ ետք, պարզեց թէ ինչպէս Հայ Առաքելական եկեղեցին Քրիստոսի Ծննդեան տօնին հետ միատեղ, նաեւ կը նշէ Անոր Մկրտութիւնը, որ կը յիշատակուի æրօրհնէքի սրբազան արարողութեան կատարումով։ æրօրհնէքի ընթացքին Ս. Հոգին խորհրդանշող աղաւնիին ու Ս. Միւռոնի օգտագործման մասին հակիրճ բացատրութիւն տալով՝ ան յայտնեց, թէ Ս. Միւռոնի գործածութիւնը սկսած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի օրերէն, եւ ամէն 7 տարին անգամ մը օրհնուող Միւռոնին մէջ կը խառնուի հին Միւռոնէն, Ուղղափառութեան որպէս շարունակութիւն։ Ան նաեւ բացատրեց, թէ ջուրին մէջ Միւռոնի հեղումը կը խորհրդանշէ Յորդանան գետին մէջ Յիսուսի Մկրտութեան պահուն Ս. Հոգիին էջքը։ Առաջնորդ սրբազան հօր խօսքի աւարտին, հոգեւորականները միասնաբար կատարեցին Տնօրհնէքի արարողութիւն, օրհնելով հիւանդանոցը եւ անոր պաշտօնէութիւնը։ Ապա կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը։
Արարողութիւններու աւարտին, ներկաները ստացան օրհնուած ջուր, ինչպէս նաեւ Տէրունական Աղօթքի յուշանուէրներ։
Հոգեպարար զոյգ արարողութիւններէն ետք, սրբազան հայրը այցելութիւն կատարեց կարգ մը հիւանդներու, իսկ ընդառաջելով ծնողներու փափաքին՝ այցելեց նաեւ նորածին մանուկի մը եւ օրհնեց զայն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.