Վահէ Յովհաննէսեան, հասակ նետած է Պըրպենքի մէջ, իր իրաւաբանական ասպարէզին կողքին, զանազան պաշտօններ ստանձնած է քաղաքային ու շրջանային մարմիններու եւ յանձնախումբերու մէջ, ներառեալ՝ շրջանային պարտամուրհակներու հսկողութեան յանձնախումբին, Պըրպենքի ծրագրումի մարմինին, Պըրպենքի ջուրի եւ ելեկտրականութեան մարմինին ու գրադարանին գրական սպասարկութեանց մէջ։
Վահէ Յովհաննէսեան կը յայտնէ, թէ Պըրպենքի Կրթական խորհուրդի անդամ դառնալու պարագային արհեստագիտական վերջին նորութիւններով պիտի հարստացնէ քաղաքի վարժարաններու կրթական փորձառութիւնները, միաժամանակ երաշխաւորելով, որ կրթական մարզին համար ծախսուող գումարները առաւելագոյնս օգտագործուին, եւ վարժարանները ըլլան ապահով եւ լաւ պահպանուած վայրեր։
www.votevahe.com
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.