«ՀՈՐԻԶՈՆ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հորիզոն»ի կատարած հարցազրոյցը ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի հետ.
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- 2014ի համագաղութային գլխաւոր իրագործումներէն մէկը հանդիսացաւ Վանքուվըրի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի զետեղումը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս աշխատանքը:
ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ ընդհանրապէս 2014ը ինքնին իրագործումներով եւ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը եղաւ, նոյնիսկ ակնկալուածէն աւելի: Տարուան վերջին ամիսները յատկապէս աշխոյժ աշխատանքով եւ այցելութիւններով յագեցած էին:
Գալով Վանքուվըրի մէջ զետեղուած յուշարձանին՝ ըսենք, թէ անիկա երկու-երեք տարուան կեանք ունեցող նախաձեռնութիւն մըն էր, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Տեղւոյն գաղութը եւ յատկապէս Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները տարիներ առաջ այս աշխատանքին լծուած էին, սակայն որոշ ժամանակ առաւ անոր իրականացումը: Յուշարձանի բացման արարողութիւնը բաւական խորհրդանշական եւ տպաւորիչ էր, ներկայ էին քաղաքական անձնաւորութիւններ, նահանգային ու դաշնակցային ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը, հայկական պատկան մարմիններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, նշանաւոր արուեստագէտներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը: Այս նախաձեռնութիւնը իսկապէս յաջողութիւն մըն էր՝ Լավալի յուշարձանին յաջորդող: Նման նախաձեռնութիւններ պիտի ըլլան շարունակական, եւ հետամուտ պիտի ըլլանք յուշակոթողներ կանգնեցնելու քանատական այն շրջաններուն մէջ, ուր հայկական գաղութ կայ:
2014ի աշխատանքներու ծիրին մէջ կ՛արժէ հակիրճ կերպով անդրադառնալ նաեւ Ուինիփեկի մէջ Մարդկային իրաւանց թանգարանի բացման, որուն ուղղութեամբ եւս տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տարուէր, մեր ջանքերով անոր մասնակցեցան նաեւ գաղութի միւս հատուածները. այս ծիրին մէջ թանգարանի պատասխանատուները օրին այցելութիւն տուին Թորոնթօ, Մոնթրէալ, ուր հանդիպում ունեցան տեղւոյն գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ: Թանգարանի բացման արարողութեան, որուն ներկայութիւնը պաշտօնական հիւրերու նախատեսուած էր, մասնակցեցան նաեւ Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչն ու Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը: Թէեւ այդ աշխատանքը 2014ին կատարուեցաւ, սակայն տակաւին մեզ համար անիկա ամբողջացած չէ, որովհետեւ Հայկական բաժանմունքի վերջնական դասաւորումը ընթացքի մէջ է, ինչպէս նաեւ թանգարանի պատասխանատուներուն հետ բանակցութեան մէջ ենք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով յատուկ ծրագիր մը իրականացնելու նպատակով: Ըսեմ նաեւ, որ մենք կամուրջը կը հանդիսանանք թանգարանի պատասխանատուներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբին միջեւ, որպէսզի համադրաբար այդ ծրագիրը իրականանայ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով 2012ին սկսած աշխատանքները՝ հայութեան զանազան հատուածները, հայկական կազմակերպութիւնները քով-քովի բերելու եւ միասնական գործունէութիւն ծաւալելու, 2013ին նախապատրաստական բնոյթ ստացան, իսկ 2014ին այս նպատակով կազմուած յանձնախումբը իր ծրագիրները բաւական բիւրեղացուց, իր լրումին հասցուց եւ լծուեցաւ գործադրութեան աշխատանքին: Արդէն իսկ այս առնչութեամբ հանգանակութիւն տեղի ունեցաւ. հարկ է նշել, թէ 100ամեակի յանձնախումբը ինքնին լաւ օրինակ է համագործակցութեան, միասնականութեան, եւ որպէս արդիւնք կ՛ակնկալենք, որ այս աշխատանքները 2015ին իրենց գագաթնակէտին հասնին: Բնականաբար, իբրեւ քաղաքական կազմակերպութիւն, մեր կեդրոնացումը աւելի քաղաքական բաժինին եւ այնտեղ տարուելիք յաջողութիւններուն վրայ եղած է, որպէսզի սերտենք, որ 2015ին ինչ աշխատանքներ կրնանք գլուխ հանել: Նախապատրաստական բաժինով արդէն աշխատանք տարինք, որպէսզի քանատական քաղաքական կարեւոր դէմքեր սկսին Հայաստան այցելելու, արդարեւ, 2013-14ին մեզի ծանօթ քաղաքական դէմքեր Հայաստան այցելեցին: Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Քարիճիանիսը այցելեց ո՛չ միայն Հայաստան, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ. ասիկա առաջին անգամն էր, որ քանատական խորհրդարանի անդամ մը Արցախ կ՛այցելէր: Ապա Երեւան եւ Ստեփանակերտ այցելեց նաեւ Ազատական կուսակցութեան կարեւոր եւ ծանօթ դէմքերէն Սթեֆան Տիոնը. այցելողներուն կարգին էր Քանատայի աշխատանքի եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենին, որ, վարչապետին կողքին, Քանատայի կառավարութեան ամէնէն կարեւոր, ամէնէն ծանօթ դէմքերէն է: Վերջին 14 տարիներուն ընթացքին հաւանաբար այսքան բարձր մակարդակի քանատական քաղաքական անձնաւորութիւն չէր այցելած Հայաստան, ինչ որ կը յուշէ այս այցելութեան կարեւորութիւնը:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- 2014ին քաղաքական ի՞նչ աշխատանքներ կատարուեցան Քանատայի տարածքին:
ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Քաղաքական աշխատանքներու մեր կիզակէտը վերջին տարիներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հանգրուանէն ետք կը հանդիսանայ հատուցման հանգրուանը:
Նշեմ, որ 2014ին շարունակուեցան Հայ Դատի ի նպաստ նուիրահաւաքները, զորս սկսած էինք Քեպեքի մէջ: Նուիրահաւաքները շարունակեցինք Հարաւային Օնթարիոյի մէջ, ուր յաջողութեամբ պսակուեցան հանգանակութիւնները: 2015ի սկիզբը ծրագիր կայ Վանգուվըրի մէջ եւս նոյնանման հանգանակութիւն իրականացնելու: Կան նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին վերաբերող հանգանակութիւնները, որոնք սկսած են եւ պիտի շարունակուին: Օժանդակեցինք նաեւ Հայաստանի դեսպանատան ի նպաստ հանգանակութիւններուն:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Երեք տարիէ ի վեր Քանատայի մէջ կը գործէ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը, ո՞ւր հասած են այդ մարմինի աշխատանքները: 2014ին այս ծիրին մէջ յատկանշական էր նաեւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի Քանատա այցելութիւնը:
ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Աշնան, մինչ 100ամեակի աշխատանքներ կը ծրագրուէին, հանգանակութիւն տեղի կ՛ունենար, Քանատա կ՛այցելէր Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը, Քանատա այցելեց նաեւ Բերիոյ թեմի առաջնորդը՝ Հիւսիսային Ամերիկա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ: Ան անցաւ Լավալէն, Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն եւ Քեմպրիճէն:
Ըսեմ, որ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի աշխատանքները կը շարունակուին եւ լաւ ընթացքի մէջ են, կայ միասնական յանձնախումբ մը, որուն կողքին կը կատարուին այլազան նախաձեռնութիւններ՝ սուրիահայութեան օժանդակելու համար:
Շահան սրբազանի այցելութեան նպատակը Սուրիոյ ազգային մեր վարժարաններու ցանցին օժանդակութիւն ապահովելն էր: Այս բոլորը համադրելը թէեւ դիւրին չէր, սակայն կրցանք զայն իրագործել: Քանատան կը շարունակէ մեծ ներդրում ունենալ՝ նիւթապէս օժանդակելով մեր սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Միեւնոյն ատեն քաղաքական գետնի վրայ կը շարունակենք մեր աշխատանքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հալէպի ու Քեսապի մէջ տեղի ունեցած դժբախտ դէպքերուն եւ պարզուած ահաւոր կացութեանց: Քեսապի մէջ տեղի ունեցած դաւադիր դէպքին ժամանակաշրջանին Հայ Դատին աշխատանքները թափ առին, եւ գաղութն ալ արձագանգեց: Թէեւ մենք այս բոլորին դիմաց, բնականաբար, ոչինչ կ՛ակնկալենք, սակայն յատկանշական է հետեւեալ դէպքը. Քեսապի ազատագրումէն ետք ստացանք գրութիւն մը Քեսապի հայութեան կողմէ. անոնք շնորհակալութիւն կը յայտնէին Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքին համար:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Երրորդ տարին ըլլալով՝ 2014ին ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութիւնը կազմակերպեց Վանաձորի ճամբարը: Նման ճամբար կազմակերպելով ի՞նչ ներդրումներ կ՛ունենայ երիտասարդականը Հայաստանի առօրեայ կեանքին մէջ, ճամբարի մասնակից երեխաներուն ու պատանիներուն անմիջական կեանքին մէջ ի՞նչ դրական անդրադարձ կ՛ունենան այս աշխատանքները:
ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Այս բնոյթի ծրագիրները, զորս Քանատայի երիտասարդականը, ինչպէս նաեւ զանազան երիտասարդական կառոյցներ՝ Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն կը կատարեն Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ, շատ նպաստաւոր են երկու իմաստով: Նախ անդրադառնամ քանատահայ երիտասարդութեան համար անոնց ունեցած կարեւորութեան. նման ծրագիրներ առիթ կու տան, որ քանատահայ երիտասարդներ Հայաստան երթան ու Երեւանէն դուրս ելլեն, ինչ որ շատ կարեւոր է, անձամբ տեսնեն շրջաններուն վիճակը, կապ հաստատեն ժողովուրդին հետ, մօտէն լսեն ու գիտնան հեռաւոր շրջանի բնակիչներու դժուարութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն մասին: Արդարեւ, երբ մեր տղաքը հոն երթան, անոնք կապի մէջ կ՛ըլլան ո՛չ միայն երեխաներուն հետ, այլ նաեւ անոնց ծնողներուն, իրենց գտնուած շրջանի բնակիչներուն հետ: Այդ յարաբերութեան զարգացումը կ՛օգնէ մեզի իբրեւ գաղութ, որովհետեւ այդ երիտասարդները կը վերադառնան աւելի ոգեւորուած, աւելի կազմաւորուած, պատրաստուած, հարցերը աւելի լաւ ըմբռնած, ուստի անոնք աւելի դրական եւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն քանատահայ կեանքին մէջ: Որպէս ապագայի ղեկավար անոնց կազմաւորման մէջ նման ծրագիրներ շատ կարեւոր են եւ մեծ դեր կը խաղան:
Կայ նաեւ Հայաստանի մէջ նման ծրագիրներու ճամբով երիտասարդութեան ունեցած ներդրումը: Երեւանէն դուրս, յատկապէս հեռակայ շրջաններուն մէջ դպրոցական տարեշրջանի աւարտէն ետք երեխաներուն համար ամառնային աշխատանք կամ յատուկ ծրագիրներ չեն նախատեսուիր ընդհանրապէս: Մեր երիտասարդներուն կազմակերպած ճամբարները այդ իմաստով մեծ կարեւորութիւն ունին, որովհետեւ անոնք տեղւոյն երեխաներուն համար կը վերածուին հաւաքատեղիի, ազգային դաստիարակութիւն ստանալու վայրի, համակարգիչի նորութիւններու ծանօթանալու առիթի: