Այս հրաւէրը, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կողմէ ուղղուած է, մեր թանկագին փոքրիկներուն եւ անոնց ծնողներուն, այս անգամ Փետրուարեան Կիրակի յետմիջօրէ մը անցընելու թատերական մթնոլորտի մը մէջ եւ գեղարուեստական վայելք ապրիլ, ընկալելով թէ՛ բեմական-դերասանական խաղարկութիւնը եւ թէ մայրենի լեզուով սնանելու բացառիկ առիթ մը, ուր խօսքի, շարժումի եւ պատկերաւոր լեզուի զուգորդումներով մեր մանկապատանեկան տարիքի փոքրիկներէն շատեր, պիտի քաղեն աննախընթաց տպաւորութիւններ, որոնք երբեմն ամբողջ կեանք մը կրնան յամենալ իրենց յիշողութիւններուն մէջ, իբր քաղցր եւ առանձնայատուկ յուշ:
Այս հաստատման հիմքը, անշուշտ կու գայ հեռաւոր անցեալէն. միջինարեւելեան հայաբոյր օճախներէն ներս, թատրոն յաճախելու պատեհ առիթները ո՛չ միայն չէինք փախցներ, այլ նոյնիսկ անոնք նախընտրելի էին, որեւէ կիրակնօրեայ ազգականական հաւաքներէն կամ կերուխումներէն:
Այսպէս՝ մենք 70ա-կան թուականներուն հիւրընկալուած Համազգայինի Ճորճ Սարգիսեանի բեմադրութեամբ «Կռունկը Կը Կանչէ» հոյասքանչ թատերախաղը բազմիցս վայելած ենք, որուն հեղինակը՝ Ժագ Յակոբեան մեզի այնպիսի աւանդ մը փոխանցած ու պատգամած է, որ ցարդ՝ քառասուն տարիներ ետք ալ անոր արձագանգները կը հնչեն մեր ականջներուն մէջ: Կռունկը՜, հայրենի կռունկը՜, որ սթափեցման կոչ մըն էր սփիւռքահայութեան, երբ անոնք կը դիմակալէին ապազգայնացման կործանարար փորձութիւնները, բայց «Կռունկ»ն ու հայրենի երգին կանչերը զիրենք կը սթափեցնէին, հանգիստ չտալով իրենց:
Նման օրինակներու շարքը անվերջ է: Մեզի համար այդ տպաւորիչ ելոյթները սնուցիչ ուժ ունեցած են. նո՛յն բարոյական պարտաւորութեան գիտակցութեամբ, առաջնորդենք մեր զաւակները թատրո՛ն, Կիրակի Փետրուար 8ին ժամը 2ին կամ 6ին, առիթ տալով, որ իրենք ալ իրենց մտքերն ու հոգիներու շտեմարանները հարստացնեն այն գանձերով, որ միայն բեմական արուեստի ճամբով է, որ անջնջելիօրէն կը դրոշմուի իրենց ներաշխարհի պաստառներուն վրայ, յաւէտ ու մէկին: Այս անգամ թատրոնին նիւթը Սարոյեանի «Ոստրէն եւ Մարգարիտ»ի հետեւողութեամբ, Նիկոլա Ծատուրեանի «Փրկութեան Կղզին» է: Խորհրդանշական պատկերներու միջոցաւ կը փոխանցուի կեանքը ապրելու եւ ընկալելու բարութեան վարքագիծ մը. չքաւոր գիւղի մը պարզուկ բնակիչներէն ուսուցչուհի մը, պատանի մը եւ հայրը դիպուածով կը հանդիպին իրարու վարսաւիրանոցի մը մէջ եւ իրարու օգնելով կը յաղթահարեն իրենց դժուարութիւնները:
Օ՛ն, անվարան ապահովեցէ՛ք ձեր թանկագին զաւակներուն թատրոնի մուտքի տոմսերը:WWW.Itsmyseat.com-ի միջոցաւ. հանդիպման վայրն է El Portal Theatre, 5269 Lankershim Blvd. North Hollywood 91601, Ժամը 2ին կամ 6ին:
Շտապե՛նք, տեղերը սահմանափակ են:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ