ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2014 թուականին Հայաստանի զինուած ուժերու շարքերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին մէջ 42 միջադէպի իբրեւ հետեւանք մահացած է 46 զինուորական ծառայող, որոնց թիւը 2013ի կորուստներուն հետ բաղդատելով՝ աւելցած է 15ով: Այդ մասին նշուած է «Հելսինկեան քաղաքացիական ասամբլէայի Վանաձորի գրասենեակ»ին պատրաստած տեղեկագիրին մէջ։
2014ին արձանագրուած մահացութեան 45 դէպքերէն 26ը տեղի ունեցած են զինադադարի դրութեան խախտման իբրեւ հետեւանք, 6ը՝ դժբախտ պատահարի, 4ը՝ սպանութեան (2ը՝ դիտաւորեալ սպանութեան, 2ը՝ զէնքի հետ վարուելու կանոններու խախտման), 3ը՝ մարտական հերթապահութիւն կամ ծառայութիւն կատարելու կանոններու խախտման, 3ը՝ առողջական խնդիրներու եւ ոչ պատշաճ բժշկական ծառայութեան տրամադրման, 3ը՝ անձնասպանութեան (ըստ յարուցուած քրէական գործի որակման), 1ը՝ զէնքի հետ վարուելու կանոններու խախտման պատճառով:
Եթէ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին զինադադարի դրութեան խախտման իբրեւ հետեւանք մահացութեան դէպքերը կը կազմէին ընդհանուր մահացութեան մինչեւ 28 տոկոսը, ապա 2014 թուականին այդ տոկոսը մեծապէս բարձրացած եւ կազմած է գրեթէ 57 տոկոս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.