ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Վերլուծելով վերջին օրերուն տեղի ունեցած հետախուզական գործողութիւնները՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ սահմաններու պաշտպանութիւնը զօրացնելու համար 7 կէտերէ բաղկացած հրաման կազմուած է:
12 Յունուարին նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարած է, որ յատուկ մարզումներ կատարուած են՝ զինուորներուն մարտունակութիւնը բարձրացնելու համար:
Աւելի՛ն, ըստ նախարարին, այսուհետեւ հայկական կողմը նաեւ պէտք է որոշ պարագաներու նախայարձակ ըլլայ՝ չսպասելով հակառակորդին գործողութիւններուն:
«Գումարտակի ու վաշտի հրամանատարները, ուսումնասիրելով հակառակորդի թոյլ եւ ուժեղ կողմերը, նրա հնարաւոր յարձակման ուղղութիւնները, ինքնուրոյն կը մշակեն գործելու ու հակառակորդի գործողութիւնները կանխարգելելու պլաններ: Բոլորին կոչ եմ անում տալ հրամանատարներին այդ ազատութիւնը: Կ. Դէմիրճեանի անուան համալիրին մէջ կայացած խորհրդակցութեան ժամանակ յայտարարած է պաշտպանութեան նախարարը:
«Պէտք է ապահովել մարտական հերթապահութեան բարելաւում, դիտարկման համակարգի կատարելագործում, պէտք է դիւերսիոն հետախուզական գործողութիւնների դէմ պայքար իրականացնենք, պարապմունքներ անցկացնենք բոլոր ստորաբաժանումների մարտունակութիւնը բարձրացնելու համար, դիւերսիոն գործողութիւնների ժամանակ հակառակորդի պատժում իրականացնենք եւ որոշ դէպքերում նախայարձակ լինենք՝ չսպասելով, որ գործողութիւններ կատարի հակառակորդը: Մենք պէտք է ունենանք կանոնաւոր գործելու ընդունակութիւններ. պատրաստի հակահարուածները ու պատժիչ միջոցները մշտապէս պէտք է մեր ձեռքում լինեն», շեշտած է Սէյրան Օհանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.