ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Բրիտանական զբօսաշրջութեան «Ռի-ճընթ հոլիտէյզ» ընկերութիւնը զբօսաշրջութեան ուղեգիրին մէջ կ՛առաջարկէ Երեւանով դէպի Լեռնային Ղարաբաղ մեկնիլ: Յօդուածը, ուր ճամբորդներու համար օգտակար խորհուրդներ կան, «Տը Կարտիյըն»ը հրապարակած է «Մոլորակի ամէնէն արկածախնդրական վայրերը, ուր կարելի է անցընել 2015ի արձակուրդները» վերնագիրով։
«Այս ուղեւորութիւնը վախկոտներուն համար չէ, բայց այնտեղ հետաքրքրական բազմաթիւ բաներ կան՝ լեռներուն մէջ ծուարած վանքեր, հնագիտական յուշարձաններ, հինաւուրց քարանձաւային համալիրներ եւ զարմանահրաշ բնութիւն: Այնտեղ կարելի է մեկնիլ միայն Երեւանով՝ բրիտանական «Ռիճընթ հոլիտէյզ»ի օգնութեամբ», կը գրէ պարբերականը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.