
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու կազմի հովանիին տակ ՆԱԹՕի առաքելութեան մասնակցելու նպատակով 11 Յունուարին հայ խաղաղապահներու 65 հոգիէ բաղկացած ստորաբաժանումը մեկնած է Գերմանիա: Այս մասին կը յայտնէ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Աֆղանիստանի մէջ տեղակայուելէ առաջ հայկական զօրախումբը պիտի մասնակցի 3-4 շաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու եւ նախատեղակայման վարժանքներու, ապա պիտի մեկնի Աֆղանիստանի Մազարի-Շարիֆ քաղաքի Մարմալ ռազմական խարիսխ: Հոն հայկական ստորաբաժանումը գերմանական զօրախումբի կազմին մէջ պիտի պաշտպանէ Մազարի-Շարիֆի օդակայանը եւ աջակցութեան ուժերու ռազմակայանը:
Զուարթնոց օդակայանին մէջ խաղաղապահներուն յաջողութիւն մաղթած է Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ զօրագունդի հրամանատար, զօր. Արթուր Սիմոնեանը, որ վերջին ցուցմունքներ տուած է նախատեսուած վեցամսեայ ծառայութենէն առաջ: Խաղաղապահներուն իր օրհնութեան խօսքը յղած ու բարի երթ մաղթած է նաեւ զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը եւ իւրաքանչիւր խաղաղապահի նուիրած է մէկական աղօթագիրք: Զօրախումբի հրամանատար Հերբերտ Վարդանեան եւս վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ այս անգամ եւս իրենք հայրենիք կը վերադառնան՝ միջազգային ասպարէզին մէջ հայ խաղաղապահի բարի համբաւն ու պատիւը բարձր պահած: