ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստան կը գտնուի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ապաթուրա, որ անջատաբար տեսակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ:
Նախագահ Սարգսեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծած են, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւնները կը զարգանան բնականոն կերպով, առկայ է քաղաքական արդիւնաւէտ երկխօսութիւն ու գործընկերութիւն բոլոր բնագաւառներուն մէջ, նաեւ՝ համագործակցութիւնը շարունակելու եւ խորացնելու ցանկութիւն:
Հանդիպման սկիզբը Ճէյմզ Ապաթուրա երախտագիտութիւն յայտնած է Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕի ղեկավարած խաղաղութեան հաստատման գործողութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան եւ մինչեւ օրս ունեցած ներդրման համար։
Նախարար Նալբանդեանի հետ կայացած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ՆԱԹՕ-Հայաստան քաղաքական երկխօսութեան շարունակութեան, միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի արդիւնաւէտ մասնակցութեան, Հայաստանի զինուած ուժերու շարքերուն մէջ բարեփոխումներու իրականացման, արտակարգ իրավիճակներու կանխարգիլման իմաստով փոխգործակցութեան:
Ապաթուրայի խնդրանքով նախարար Նալբանդեան նաեւ ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երկիրներու ջանքերը:
Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին կողմերը լուսարձակի տակ առած են երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման թափի պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններով եւ առկայ ձեւաչափերով՝ պաշտպանական բարեփոխումներ, ռազմական կրթութիւն եւ վարժանքներ, բարեվարքութեան ամրապնդում եւ այլն:
Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Կողմերը կիսած են հայ-ատրպէյճանական շփման գիծին մէջ առկայ լարուածութեան առնչուող մտահոգութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.