ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
20րդ դարու երրորդ քառորդին, հայ գրականութեան մէջ իր անզուգական բարձունքը նուաճած մեծագիր տաղանդն է Պարոյր Սեւակ:
Եթէ քսաներորդ դարասկիզբին խորհրդահայ գրականութիւնը իր բանաստեղծական երթը սկսաւ Չարենցով եւ ազգային իր ինքնամաքրումը կատարեց անոր «Գիրք Ճանապարհի» կոթողական գործով, ապա 1950ականներէն մինչեւ 1971ի իր եղերական վախճանը Պարոյր Սեւակ լուսաւոր աստղի պէս յայտնուեցաւ հայոց երկնակամարին վրայ եւ իր հանճարին ճառագայթումով լուսաւորեց մերօրեայ հայ մարդու ուղին՝ զայն ձերբազատելով խորհրդային դարաշրջանի ամէն կարգի խոտորումներէն, մոլորանքներէն եւ, մանաւա՛նդ, հայու ստրկական համակերպումէն:
«Մարդը Ափի Մէջ» վերծանող, «Եղիցի Լոյս» պատգամող եւ հայոց արհաւիրքի «Անլռելի Զանգակատուն»ը ղօղանջ առ ղօղանջ հնչեցնող բանաստեղծը եղաւ Սեւակ, որ ոչ միայն հայոց պատմութեան երեքհազարամեայ աւանդներուն մէջ երկարեց իր արմատները, այլեւ իր ժամանակի շունչով վերաթարմացուց հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ակունքները:
Հայ ժողովուրդի անհուն բարութեան եւ անվեհեր ցասումին նորարար երգիչը դարձաւ Սեւակ, որ երկրաբան գիտնականի եւ բանասէր գրականագէտի վաւերականութեամբ զինեց բանաստեղծի իր գրիչը, որպէսզի հայոց սերունդներուն փոխանցէ քսաներորդ դարու շունչով թրծուած, նոր ժամանակներու իմացական եւ յուզական թռիչքով տիեզերքին բացուած հայու հոգին՝ իր սէրերով, մարդեղինութեամբ եւ գաղափարապաշտութեամբ:
Պարոյր Սեւակ երեւոյթին նաեւ ողբերգական հնչեղութիւն տալու առումով՝ անշուշտ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ հայոց մեծ բանաստեղծին ապաժամ վախճանը՝ 47 տարեկանին, 1971ի Յունիս 17ին, խորհրդաւոր եւ խորհրդային պայմաններու մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածին իբրեւ հետեւանք: Արկած, որուն անհեթեթ պատահականութեան ոչ ոք հաւատաց: Ընդհակառա՛կն, վերջին քառասնամեակին ամբողջ գրականութիւն մը մշակուեցաւ բացայայտելու համար ծալքերը անհեթեթ իր վախճանին՝ խորհրդային կարգերուն եւ բարքերուն մէջ փնտռելով պատասխանատուները Սեւակի եղերական վախճանին:
Եղերաբախտ բանաստեղծը հայոց սերունդներուն կտակեց գրական-գեղարուեստական տաղանդի, հոգեմտաւոր իմաստութեան եւ ազգային-քաղաքացիական արութեան այնքա՜ն կենսայորդ ժառանգութիւն մը:
Աւազանի անունով Պարոյր Ռաֆայէլի Ղազարեան՝ Սեւակ ծնած էր 24 Յունուար 1924ին, Արարատի շրջանի Չանախչի (Սովետաշէն) գիւղը, որ այսօր «Զանգակատուն» կը կոչուի՝ ի յիշատակ ստրկամիտ լռութիւնը ճեղքած եւ հայու էութիւնը բարձրաձայն շնչաւորած մեծ բանաստեղծին:
Հայ գրականութեան անխոնջ եւ անյագ ուսանողն ու վերծանողը եղաւ Սեւակ: Ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին ան միացուց հայ գրողի գիտական պատրաստութիւնն ու բանասիրական-մշակութային հարուստ պաշարը:
Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը 1945ին աւարտելէ եւ ՀՍՍՀ Ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951ին Սեւակ ընդունուեցաւ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով՝ միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս:
1963ին վերջնականապէս վերադարձաւ Երեւան, 1966ին ընտրուեցաւ Գրողներու միութեան քարտուղար եւ մինչեւ ողբերգական մահը գործեց առաջին դիրքերու վրայ՝ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ իբրեւ հրապարակախօս:
Իր գրական ստեղծագործութիւններով ու համարձակախօս հրապարակագրութեամբ, Սեւակ մարմնաւորեց քսաներորդ դարու իրաւատէ՛ր քաղաքացիի հայ ազգային կերպարը: Մարդկային սիրոյ, ճշմարտութեան լոյսի եւ լիիրաւ արդարութեան իմաստախոյզ վերծանողը եղաւ: Ամէն բանէ աւելի կեղծիքի դէմ պայքարեցաւ, սեփական թերիներուն եւ փորձութիւններուն անկեղծ խոստովանութեամբ ապրեցաւ, որպէսզի վկան դառնար մարդ էակի մնայուն ճիգին՝ բարձրանալու ազնուացման ու վեհութեան դժուարին բարձունքն ի վեր:
Այդ ներշնչումով ալ ստեղծագործեց եւ քսաներորդ դարու միջազգային գրականութեան ամէնէն վաւերական արժէքներէն մէկը դարձաւ՝ նաեւ օտար ընթերցողին առջեւ բանալով սուտի ու կեղծիքի յուզաշխարհը այսպէս կոչուած «խորհրդային մարդ»ուն…
Պարոյր Սեւակ 1959ին գրեց իր գլուխ-գործոցը հանդիսացող «Անլռելի Զանգակատուն»ը՝ ղօղանջ առ ղօղանջ շնչաւորելով անզուգական Կոմիտասին, այլեւ նոյնինքն հայ ժողովուրդին բաժին հանուած ծանրագոյն ողբերգութիւնը:
Որքան ժամանակը թաւալի, այնքա՛ն աւելի հատու եւ ազդարարող կը հնչէ սեւակեան «Ղօղանջ Եղեռնական»ի ահազանգը.
Երկրի մէջ մարդ չըմնաց՝
Մարդ թաղէր մարդու նման…
Ա՜խ, մնար մէկը գոնէ
Ու կանչէր.
– Տըլէ եաման…
Ա՜խ, ինչպէ՞ս, ո՞նց մոռանալ
Արհաւիրքն այն օրերի.
– Աշխարքում ո՛վ մոռանայ,
æուխտ աչքով թո՛ղ քոռանայ…
Այս առումով, իրաւատէ՛ր քաղաքացիի առինքնող՝ սեւակեան մարմնաւորումը մահացու կերպով խոցեցին անոնք, որոնք 44 տարի առաջ, 17 Յունիս 1971ին, բրտօրէն խեղդել ուզեցին ստեղծագործ ձայնը հայ ժողովուրդին:
Բայց Սեւակի արժէքով մեծութիւններ ծնող հայկեան հանճարը կարելի չէ լռեցնել:
Այո՛, մեր ժողովուրդին զրկեցին ինքնաքննարկման եւ աշխարհընկալման այս իմաստախոյզ եւ խռովահար վերծանողին կենդանի շունչէն, որուն առաջնորդող խօսքով պիտի կարենայինք ազգային ու հայրենական վերականգնումի մեր դժուարին երթը ապահովագրել ամէն կարգի թուլութեանց եւ շեղումներու, սայթաքումներու եւ մոլորութեանց դէմ:
Ճակատագիրը նման դառն ու դաժան խաղով մեզմէ հեռացուց Սեւակը ճիշդ այն ժամանակ, երբ ազգովին կը թեւակոխէինք հազարամեակներու մեր պատմութեան կարեւորագոյն փուլերէն՝ հայոց հայրենիքի վերանկախացման եւ հողային մեր անժամանցելի իրաւունքներու վերատիրացման դարաշրջանը:
Բայց նաեւ պէտք է խոստովանիլ, որ, Սեւակի բացակայութեան այս քառասունչորս տարիներուն անգամ, մեր ուղին շարունակ լուսաւորեց սեւակեան անսպառ հաւատքը հայո՛ւ լիարժէքութեան հանդէպ, անխախտ հաւատքով երկնուած այն պատգամով, որ՝
Մենք քիչ ենք այո՛ բայց կոչւում ենք հայ
Գիտենք դեռ չանցած վէրքերից տնքալ
Բայց նոր խնդութեամբ ցնծալ ու հրճուել.
Գիտենք թշնամու կողը մխրճուել
Ու բարեկամին դառնալ աջակից.
Դուրս գալ մեզ արուած բարութեան տակից՝
Մէկի փոխարէն տասն հատուցելով…
Յօգուտ արդարի եւ արեգակի
Գիտենք քուէարկել մեր կեանքով նաեւ…
Բայց թէ կամենան մեզ բռնի վառել՝
Մենք գիտենք մխա՛լ – եւ կրա՜կ մարել.
Իսկ եթէ պէտք է խաւարը ցրել՝
Գիտենք մոխրանալ որպէս վառ կերոն.
Եւ գիտենք նաեւ մեզ կրքոտ սիրել
Բայց ուրիշներին մի՜շտ էլ յարգելով…
Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում
Բայց մեզ էլ գիտենք –
Մեզ հա՜յ են ասում:
Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք…
Կա՛նք: Պիտի լինե՛նք: Ու դեռ — շատանա՜նք:
Այս հաւատքով ալ մեր մէջ եւ մեզի հետ կ՛ապրի՛ հայ մտքի եւ գրականութեան՝ թեւաւոր իմաստով «Անլռելի Զանգակատուն»ը, որ Պարոյր Սեւակ կը կոչուի եւ անխոնջ յուշարարն է հայոց փոքր ածուի անընկճելի մեծութեան եւ կենսունակութեան.
Քեզ դարէ դար հալածելով,
Խուժդուժօրէն սրածելով՝
Սպաննեցին,
Խաչ հանեցին,
Սակայն մնաց դեռ հայութիւնն,
Առանք նորից մենք յարութիւն,
Եւ ո՛չ իբրեւ մի նոր Յիսուս,
Այլ… հայի՛ պէս:
Դարեր ի վեր վառում են մեզ,
Այրում են մեզ,
Դարձնում մոխիր
Հնոցի մէջ խուլ չարութեան,
Խարոյկի մէջ քէն ու ոխի,
Ու տաք մոխիրն անգամ թրջո՜ւմ…
Սակայն ոգին մեր հայութեան
Թէ այրուեց էլ, ո՛չ, չի՜ կորչում,
Ելք է ճարում նո՛ր յարութեան,
Եւ… ո՛չ որպէս փիւնիկ թըռչուն,
Այլ… հայի՛ պէս…
Դիակներով ձորն է լցւում,
Դիակներով վիհն է խցւում,
Արիւն հագնում սարաւանդը…
Հարուածում են մեզ մահացու,
Վէրքի վրայ նոր վէրք բացում…
æարդեր յայտնի, դաւեր ծածուկ,
Կործանումներ գունակ-գունակ…
Դժխեմ բախտի մատեանի մէջ
Սպառումի հազա՜ր սիւնակ…
Իսկ մենք տոկուն ու կենսունակ,
Ինչի՞ նման,- դէ եկ ասա՛…
Իսկ մենք՝ տոկուն ու կենսունակ
Հէնց… որպէս հա՜յ,
Հէնց… որպէս հա՜յ…
Դարեր ի վեր
Մարմինը մեր,
Մարմինը մեր խեղճ ու տոկուն
Յիսուսի պէս չարչարեցին,
Բայց քիչ էր դա,
Հասան հոգուն,
Նաեւ հոգուց մեզ զրկելու
Մի անհոգի ճար ճարեցին,
… Ո՛չ մի երգիչ՝ մեզ երգելու,
Մեր մահն անգամ ողբերգելու
Ո՛չ մի երգիչ…
Եւ չարեցի՞ն:
Այն էլ ինչպէ՜ս, ի՜նչ արեցին…
Բայց ո՛վ հրաշք – պէտք չէր մի դար,
Ոչ էլ կէս դար, որպէսզի մենք
Ծնունդ տայինք մեր… Չարենցին,
Որ… չծնուեց մօրից արդար
Եւ ուժ չառաւ նրա կաթից,
Այլ… դուրս թռաւ մեր հեքիաթից՝
Իբրեւ եղբայր մի արժանի
Սիամանթօ-Վարուժանի,
Կրտսեր եղբայր, կրտսեր զաւակ,
Որ պիտի գայ եւ այն անի,
Ինչ չարեցին միջնեկ-աւագ…