ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Գնահատելի լուրջ մտաւոր աշխատանք մը կատարած կ՛ըլլայ այսպիսով Հրանդը հայ գրականութեան միջազգայնացման գործին համար:
Նահատակ գրողներէն ան վերցուցած է Հրանդը (Մելքոն Կիւրճեան), Թլկատինցին (Յովհաննէս Յարութիւնեան), Գրիգոր Զօհրապը, Սմբատ Բիւրատը (Տէր Ղազարեանց), Երուխանը (Երուանդ Սրմաքեշխանլեան), Արտաշէս Յարութիւնեանը, Ռուբէն Զարդարեանը, Ինտրան (Տիրան Չրաքեան), Սիամանթօն (Ատոմ Եարճանեան), Գեղամ Բարսեղեանը, Դանիէլ Վարուժանը (Չպուքեարեան), Տիգրան Չէօկիւրեանը եւ Ռուբէն Սեւակը (Չիլինկիրեան): Բոլորը 1915ի նահատակներ, բացի Ինտրայէն (մահացած 1921ին): Գիրքը աւելի մատչելի դարձնելու համար սկիզբը ներկայացուցած է պատմական ակնարկ մը հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան ու հայրենիքին՝ Հայաստանին մասին, ընդգրկելով մեր ժողովուրդի լեզուին, գրականութեան, կրօնքին, մշակոյթի տարբեր մարզերու եւ քաղաքական կեանքի կարգ մը երեսները: «Հայերը Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ» բաժինով Հրանդ կ՛անդրադառնայ հայոց ի նպաստ եղած դաշնագիրներուն եւ համիտեան կոտորածներուն մասին:
Արագ ակնարկ մը տրուած է հայկական բանաստեղծութեան զարգացման մասին՝ սկսած հին դարերէն, տալով որպէս նմոյշ դասական մեծ անուններու գործերէն քանի մը թարգմանական գործեր: Այնուհետեւ, ծանրացած է 19րդ դարուն արեւելահայ դասական գրականութեան զարգացման վրայ ու անոր գրական դպրոցներու երեւումին:
Քանի մը էջեր յատկացուցած է Ցեղասպանութեան ճանապարհին նահատակուած մեր գրողներու տխուր պատմութեան: Վերջապէս, տուած է Իւրաքանչիւր գրողին լուսանկարը, հակիրճ կենսագրութիւնը, գրական հունձքը եւ իւրաքանչիւրէն քանի մը յատկանշական ստեղծագործութիւն՝ արձակ կամ չափածոյ:
Այս ամէնը 250 էջերու մէջ:
Յունուար 23, 2015, Եղեռնին նուիրուած առաջին միջոցառումն էր, որ տեղի կ՛ունենար Քուինզի Հայ տան մէջ, Համազգային միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին եւ Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ: Հանդիսավարն էր մանկավարժ ու տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեան, իսկ բացման խօսքը կատարողը՝ Մեսրոպ քահանայ Լաքսեանը:
Անուշաւան եպս. Դանիէլեան՝ միակ հայերէնով արտայայտուողը, կրցաւ լաւագոյն գնահատականը տալ հեղինակին կատարած եզակի գործին: Խօսք առին գիրքին խմբագրութիւնը կատարած Այրիս Չէքենեան եւ Հրանդի տասնամեակներու վրայ երկարող բարեկամը եւ գաղափարի ընկերը՝ տոքթ. Ճորճ Տէրմըխսեան: Խօսք առաւ նաեւ հեղինակին հայ դպրոցի ուսանողներէն եւ այսօր Նիր Իսթ հիմնարկին ատենապետը՝ Շանթ Մարտիրոսեան: Նախապէս արձանագրուած տեսաերիզին վրայ խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Հրանդ, բեմ հրաւիրուելով՝ տուաւ այս գործին ծննդոցը եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց անոր առաջադրանքները: Թարգմանական գրականութեան անհրաժեշտութիւնը աւելի շեշտելով՝ նոր ժամանակներու հանրութեան մատչելիութեան կարեւորութիւնը փոխանցեց ներկաներուն:
Յայտագիրին գեղարուեստական բաժինը նուիրուած էր ընթերցումներու, որոնք այս գիրքին մէջ տեղ գրաւած նահատակ կարգ մը գրողներէն էին, պարզապէս տալու համար անգլերէնով գրական ճաշակը ժամանակաշրջանի մը՝ 19րդ դարու աւարտի տասնամեակին ու 20րդ դարու առաջին 15 տարիներուն: Երիտասարդ հայաշունչ տղաք՝ Վեհ Յառաջ Պզտիկեան, Նաթալի Կապրիէլեան, Այտա Զիլելեան եւ Երազ Մարգարեան սքանչելիօրէն մեկնաբանեցին հեղինակներուն գործերը:
Հրաւիրուեցաւ նաեւ խօսելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն հաւատարմատար եւ դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, որ այս առիթով կոչ ըրաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայոց իրաւունքներու պահանջատիրութեան իրաւունքով ու մնայուն աշխատանքով քալել դէպի յառաջ, դարադարձի այս օրերուն, ծանօթացնելով Ցեղասպանութեան եղելութիւնը օտար հանրութեան թէ միջազգային բեմերուն: Հուսկ խօսք առաւ Աւետիս Հաճեան՝ յանուն Համազգայինի վարչութեան:
Հեղինակը իր գիրքերը մակագրեց եւ Զարմինէի կոչին ընդառաջ երթալով՝ շատեր այդ գիրքերէն նուիրեցին շրջանի գրադարաններուն, ի յիշատակ իրենց ծնողաց ու նահատակ հարազատներուն ու հայրենակիցներուն: Հրանդ յոգնիլ չգիտցող իրաւ մտաւորականն է նիւ- եորքահայութեան կեանքէն ներս: