
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած իւրայատուկ արուեստի մրցանք մը, որուն առաջնութիւնը խլող ստեղծագործութիւնը առնուազն մէկ ամիս պիտի ցուցադրուի Լոս Անճելըս քաղաքի հանրակառքերուն վրայ։
Արուեստի գործերը պէտք է ամենաուշը Փետրուար 15ին յանձնուած ըլլան եւ պէտք է ցարդ չհրապարակուած ստեղծագործութիւններ ըլլան:
Նկատի պիտի առնուին գծագրութիւններ, նկարչական գործեր, լուսանկարներ եւ համակարգչային արուեստի գործեր:
Ստեղծագործութիւնները պէտք է ուղարկուին 200 N. Spring St., Room 435, Los Angeles, CA 90012 կամ Councilmember.Krekorian@lacity.org հասցէներուն:
Առաջարկուած նիւթերու շարքին են՝ վերապրում, յառաջդիմութիւն, դիմադրութիւն, միասնականութիւն, համայնք եւ յարատեւութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել cd2.lacity.org կայքը կամ www.facebook.com/paulkrekorian կայքէջը: