Շաբաթ, 24 Յունուար 2015ին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչական միօրեայ համագումարը, որ նախաձեռնութիւնն էր թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին։ Համագումարը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Անոր մասնակցեցան ծխական շրջաններու հոգեւոր հովիւներ եւ աւելի քան 50 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։
Համագումարը սկսաւ Արեւագալի ժամերգութեամբ, «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռին մէջ, ապա մասնակիցները անցան սրահ, ուր համագումարը ընթացք առաւ: Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Թորոսեան, որ կը վարէր համագումարը, հրաւիրեց համա-ատենապետ Յակոբ æաղացպանեանը, որպէսզի արտասանէ բարի գալուստի խօսքը։
Յակոբ æաղացպանեան յիշեցուց, թէ 2014-15 ուսումնական տարեշրջանը կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարաններու հիմնադրութեան 85ամեակին։ «Եթէ կ՛ուզենք, որ հայ ազգը յարատեւէ, ապա պէտք է ջանանք հասցնել մաքուր նկարագիրի տէր սերունդ մը։ Այլապէս, դատապարտուած պիտի ըլլանք ուծացման եւ առյաւէտ կորսուելու։ Մեր պարագային, մաքուր նկարագիրը կրնայ կերտուիլ միայն քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ հայեցի կրթութեամբ», շեշտեց ան։
Րաֆֆի Թորոսեան հրաւիրեց Պօղոս աբղ. Թինքճեանը, որպէսզի ներկայացնէ օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը՝ մեկնելով Յիսուսի ջուրին վրայէն քալելու աւետարանական դրուագէն (Մտ. 14։22-34)։ Հայր սուրբը, պարզելէ ետք կարգ մը եզրեր, բացատրեց օրուան պատգամը՝ ուղղուած եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն, եւ յատուկ պատգամ մը՝ Կիրակնօրեային, ըսելով, թէ Առաքեալներուն նման նաւու մը մէջ ընթացող Կիրակնօրեայի աշակերտութիւնը միշտ պիտի ունենայ ալեկոծութիւններ, պիտի փորձէ նաւարկել, երբեմն նաեւ պիտի սարսափի ալիքներու ահաւորութենէն, սակայն ուսուցիչն ու ուսուցչուհին պիտի ունենան Պետրոս առաքեալի ձեռքը բռնող ու ընկղմելէ ազատող Փրկիչ Քրիստոսի դերակատարութիւնը։
Ճաշի դադարէն ետք, Ր. Թորոսեան հրաւիրեց երկրորդ զեկուցաբերը՝ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը, որ ներկայացուց օրուան յատուկ տօնին՝ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ժողովին, իմաստն ու կարեւորութիւնը՝ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ դաւանանքին մէջ։ Տէր հայրը նշեց, որ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ժողովը Հայց. առաք. եկեղեցւոյ ընդունած երեք տիեզերական ժողովներէն մէկն է, ուր որդեգրուած է Ս. Հոգւոյ աստուածութիւնը, ի դէմ հերետիկոսներու քարոզչութիւններուն։ Ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Հայաստանեայց եկեղեցին ազգային եկեղեցի է, հետեւաբար Կիրակնօրեայ վարժարանը ազգային նկարագիր ունի, իսկ Կիրակնօրեայի ուսուցիչը կը գործէ հետեւեալ սկզբունքով. «Այն, ինչ առած եմ իմ ազգէս, պատրաստ եմ զայն վերադարձնելու անսակարկօրէն, որովհետեւ անոր մէջ օրհնութիւն կայ»: Ան շեշտեց, որ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչին պարտականութիւնն է կրօնական եւ ազգային նկարագիր դրոշմել մանուկի հոգիին մէջ:
Ր. Թորոսեան ապա հրաւիրեց Խաչիկ սրկ. Շաննագեանը, որպէսզի ներկայացնէ «Օգտագործել համացանցի աղբիւրներ, որոնք օգտակար են մեր Կիրակնօրեայ վարժարաններուն» նիւթը։ Բանախօսը նշեց, որ համացանցը կարեւոր դաշտ մըն է եւ կրնայ մեծապէս օգտակար ըլլալ ուսուցիչի աշխատանքներուն, բայց պէտք է զգոյշ ըլլալ, որ չտարուինք օտարոտի դաւանանքներ քարոզող աղբիւրներով։ Ապա ան ներկաներուն տրամադրեց համացանցի օգտագործելի կայքէջերու ցանկ մը։
Զեփիւռ Յովհաննէսեան իր կարգին բացատրութիւն տուաւ Տեառնընդառաջի մասին, ապա ծանրացաւ մանուկի մը մտային դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ: Ան եւս շեշտեց, որ պէտք է օգտագործել հայկական, ազգային եւ եկեղեցական սկզբունք ունեցող աղբիւրներ (գիրքեր, մանրանկարչութիւն եւ խաղեր)։
Այնուհետեւ, Թորոսեան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որպէսզի ներկայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն լուսաբանութիւն տայ Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ 1.5 միլիոն նահատակներու սրբադասման մասին։ Սրբազան հայրը, որ անդամ է Սրբադասութեան յանձնախումբին, փոխանցեց, որ Ս. Էջմիածինի մէջ Նոյեմբերին կայացած Հայց. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը որդեգրեց Սրբադասման որոշումն ու արարողակարգը, որոնց հիմամբ, 23 Ապրիլ 2015ին տեղի պիտի ունենայ սրբադասման արարողութիւնը՝ Հայաստանի մէջ։ Ան հակիրճ կերպով բացատրեց, թէ ինչպէ՞ս ընդհանրական եկեղեցին իր սուրբերը կը հռչակէ, ի՞նչ պայմաններ անհրաժեշտ են, որպէսզի եկեղեցին անձ մը սուրբ հռչակէ եւ ի՞նչ ձեւով սրբադասումը կը կատարուի մեր եկեղեցւոյ մէջ: Ան յիշեց, թէ Ցեղասպանութեան նահատակները հաւաքաբար սուրբ պիտի հռչակուին, որովհետեւ հաւատքի ու ազգութեան համար նահատակուեցան. կրօնափոխութեան ընտրութիւնը ունենալով հանդերձ՝ անոնք ընտրեցին նահատակուիլ իրենց կրօնքին ու ազգային պատկանելիութեան համար։
Առաջնորդը յայտնեց նաեւ, որ հետագային, հաւաքական սրբադասման կողքին պիտի կատարուին անհատական եւ խմբային սրբադասումներ, որովհետեւ 15րդ դարէն ի վեր, Հայց. առաք. եկեղեցին չէ ունեցած սրբադասում։
Թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութեան եւ ուսուցչական կազմերու նուիրումին մասին խօսելով՝ առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց անոնց կատարած աշխատանքը եւ թելադրեց, որ անոնք հաւատքով, նուիրումով ու սերտ գործակցութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։
Սրբազան հօր «Պահպանի»չով, «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ Կիրակնօրեայի քայլերգով աւարտեցաւ համագումարը։ Մասնակիցները սրահէն մեկնեցան յուշանուէրներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.