Հիմնադրամի պատասխանատուները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկացուցին տարուած աշխատանքներուն եւ անմիջական ապագայի ծրագիրներուն մասին: Անոնք յայտնեցին, որ ճիգ կը տարուի, որպէսզի հիմնադրամի գործունէութիւնը նոր մակարդակ նուաճէ, ինչ որ աշխատանքի նոր հորիզոններ պիտի բանայ հիմնադրամին դիմաց:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հայրենաշէն գործունէութեան մասին՝ միաժամանակ յաջողութիւն մաղթելով անոր նոր ծրագիրներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.