ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 27 Յունուարի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան նորընտիր կազմի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանի: Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վիգէն Դաւիթեան եւ Յակոբ Թիւֆէնքճեան:
Առաջնորդը ողջունեց ներկայացուցիչները, շնորհաւորեց վարչութեան նոր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր սերնդակերտ աշխատանքին:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու առաջնորդարանին հետ ՀՄԸՄի գործակցութեան ծրագիրներուն մասին, որոնք տարիներու աւանդութիւն ունին: Նկատի առնուեցան Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւնն ու այդ առիթով սկաուտական կազմին հետ սրբազանի հանդիպումը, նաեւ՝ սկաուտական շքանշանի դաստիարակչական ծրագիրը եւ ՀՄԸՄի հանգուցեալներու յիշատակման արարողութիւնը, որ կը նշուի Նոյեմբերին:
ՀՄԸՄի ներկայացուցիչները սրբազանը հրաւիրեցին միջդպրոցական մարզախաղերու փակման ու Նաւասարդեան 40րդ խաղերու բացման հանդիսութիւններուն, որոնք նախատեսուած են Մարտ 15ին, նաեւ՝ Նաւասարդեանի պարահանդէսին, փակման փառատօնին ու տողանցքին՝ Յուլիս 4ին եւ 5ին:
Վերոյիշեալ ծրագիրներուն համար արդէն իսկ ընթացք առած աշխատանքներուն մասին հաղորդակցութիւններն ու գործակցութիւնը պիտի շարունակուին՝ ըստ ճշդուած ժամանակացոյցերուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.