ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս թրքական մամուլին մէջ հրատարակուեցան լուրեր, ըստ որոնց՝ հայեր Թուրքիայէն ետ պիտի պահանջեն 1915էն առաջ իրենց պատկանած հողատարածքները, ինչպէս՝ Չանքայայի ապարանքը կամ Եշիլգիւղի օդակայանը։ Հակադարձելու համար նման դատերու, Իզմիր բնակող ու բնիկ էրզրումցի Ճոշքուն Ըշըք կը պատրաստուի դատ բանալու Հայաստանի դէմ ու պահանջելու սահմանին մօտիկ գտնուող «Ալմաւիր» գիւղը՝ ամբողջութեամբ )հաւանաբար՝ Արմաւիր ըսել կ՛ուզէ)։ Ըշըք կ՛ըսէ, որ հայերը երկար ատենէ ի վեր շարունակ հողային պահանջներ կը ներկայացնեն Թուրքիոյ, իսկ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ցարդ որեւէ շօշափելի պատասխան չեն տուած անոնց. հիմա ի՛նք իր հողային պահանջները պիտի ներկայացնէ Հայաստանին եւ արդէն իսկ պատրաստած է անհրաժեշտ բոլոր փաստաթուղթերը։ Ըշըք իր այս պահանջատիրութիւնը կ՛արդարացնէ անով, որ իր պապերը հայերու կողմէ վտարուած են Ալմաւիր գիւղէն։ Ան կ՛ըսէ, որ այդ գիւղէն աքսորուած թուրքերը Էրզրում եկած ու տեղաւորուած են Օլուր գաւառակին մէջ, սակայն հայերը Օլուր ալ եկած են ու սպաննած հոն բնակող թուրքերը, պարզապէս անոր համար, որ անոնք իսլամ էին։ Միաժամանակ, ան կոչ կ՛ընէ թուրքերուն, որ հետեւին իր օրինակին ու դատեր բանան Հայաստանի դէմ՝ օգնութիւն ակնկալելով պետական աւագանիէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.