ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս պիտի գումարուին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ թեմակալ առաջնորդներու հետ:
Յիշեալ ժողովներուն կրօնական, դաստիարակչական, տնտեսական, վարչական, յարաբերական, միջ-եկեղեցական եւ այլ հարցերու շարքին, յատուկ կարեւորութեամբ պիտի քննուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ, թէ՛ կաթողիկոսարանի եւ թէ թեմական մակարդակներու վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.