Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը: Անոր համաձայն՝ սրբադասումը աննախադէպ իրադարձութիւն է, քանի որ վերջին սուրբը, որ հռչակուած է եւ կը յիշատակուի որպէս տօն ունեցող սուրբ, Հայրապետ Մովսէս Տաթեւացին է, որուն սրբադասումը կատարուած է 18րդ դարուն:
«Հայ եկեղեցին սրբացում չի կատարում, այլ ճանաչում է սրբերի կամ այդ անձանց սրբութիւնը, որն արդէն իսկ տարածում է ունեցել մարդկանց մէջ կամ վկայութիւններով փաստուած է եղել: Այս քայլը նաեւ նշանակում է, որ եկեղեցին ճանաչում է տեղի ունեցածը՝ Ցեղասպանութիւնը», տեղեկացուցած է սրբազանը՝ աւելցնելով, որ Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման կարգ կատարելու որոշումը տրուած է նախորդ տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կայացած Եպիսկոպոսաց ժողովին ընթացքին:
Անոր համաձայն՝ տեղի պիտի ունենայ սրբադասման համար մշակուած ծիսական արարողակարգ, որուն ընթացքին ալ յատուկ բանաձեւով պիտի կատարուի սուրբերու հռչակումը: «Արարողութեան ժամանակ ընթերցուելու է նաեւ սրբադասելիների վկայաբանութիւնը, կատարուելու է սրբապատկերների օծումը եւ մասունքարանների օրհնութիւնը», յայտնած է Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան:
Սրբադասման յանձնախումբը յստակ պայմաններ ճշդած է սրբապատկերի ստեղծման համար: «Սրբապատկերի ընտրութիւնը տեղի է ունեցել այդ ոլորտում որոշ փորձառութիւն ունեցող արուեստագէտներին յանձնարարութիւն տալուց եւ պայմանները ներկայացնելուց յետոյ: Քննարկման տարբեր փուլեր անցնելով՝ պատկերները ներկայացուել են նաեւ 2014 թուականին գումարուած եպիսկոպոսական ժողովին, որից կատարուել է ընտրութիւնը», ըսած է եպիսկոպոսը:
Շարականի ընտրութեան մասին խօսելով՝ սրբազանը նշած է, որ Եպիսկոպոսական ժողովին հաստատուած է, որ Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման շարականը պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն լուսահոգի Զարեհ արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի հեղինակած «Ապրիլեան նահատակներուն» շարականի կանոնը՝ իր բոլոր միաւորներով: Ըստ անոր՝ արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան արեւելեան քոյր եկեղեցիներու պետերը՝ իրենց պատուիրակութիւններով: Հռոմի պապի մասնակցութեան առնչութեամբ ան յայտնած է, որ դեռ բանակցութիւններ կը կատարուին, սակայն վերջնական պատասխան չկայ տակաւին:
Սրբադասման կարգը տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, մեկնարկը հաւանաբար տրուի ժամը 16:00ին, աւարտի՝ 19:15ին, որ կը խորհրդանշէ 1915 թուականը: Աւարտին պիտի հնչեն աշխարհի բոլոր հայ եկեղեցիներուն զանգերը, որոնց պիտի յաջորդեն մէկ վայրկեան լռութիւնն ու տէրունական աղօթքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
ha heto voch mi azg mer chap surb chi unena.Surb azg,surb yerkir Haiastan.mnatsele mer petutiann el surbatsnenk