ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Սէուտցի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիա կրնայ կրճատել քարիւղի արտահանումը, եթէ Ռուսիոյ իշխանութիւնները հրաժարին սուրիական կառավարութեան աջակցութենէն: Սէուտական Արաբիոյ կողմէ այդպիսի քայլ մը հաւանաբար պիտի յանգեցնէ քարիւղի համաշխարհային գիներու բարձրացման:
Պաշտօնատարներուն համաձայն՝ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութիւնը վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին այդ հարցին շուրջ շարք մը բանակցութիւններ վարած է ռուսական կողմին հետ, սակայն ցարդ «յատկանշական յառաջդիմութիւն» չէ արձանագրուած:
Սէուտցի պաշտօնատարները իրենց ամերիկացի գործընկերներուն յայտնած են, որ քարիւղի մատակարարումը նուազեցնելու կարելիութիւններուն ճամբով՝ իրենք Ռուսիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու լծակներ ունին:
«Նիւ Եորք Թայմզ» կ՛ընդգծէ, որ սէուտցի պաշտօնատարները չեն հաստատած, թէ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչները ճիշդ ի՛նչ ձեւով՝ ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններու ընթացքին՝ քարիւղի արտահանման հարցը կապած են սուրիական խնդիրի լուծման եւ Մոսկուայի կողմէ Դամասկոսի աջակցութեան հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.