Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան: Ան իր խօսքին մէջ մեծապէս կարեւոր համարեց գիրքի հրատարակումը՝ զայն համարելով լուրջ ներդրում իտալահայ համայնքի կեանքը ներկայացնող փաստագրական գրականութեան մէջ: Դեսպան Ղազարեան նկատեց, որ փրոֆեսէօր Յակոբ Մանուկեանի «Հայերու ներկայութիւնը Իտալիոյ մէջ 1915-2000թթ.» գիրքը հրատարակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին եւ մանրամասն կը պատկերէ Իտալիոյ մէջ ապաստան գտած Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու կեանքը:
Դեսպանը անդրադարձաւ իտալահայ համայնքի 20րդ դարու պատմութեան՝ զայն դիտարկելով որպէս կարեւորագոյն ներուժ Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման համար: Դեսպանը խօսեցաւ նաեւ 20րդ դարու Իտալիոյ Հանրապետութեան զարգացման գործին մէջ իտալահայ հասարակական գործիչներու աւանդի մասին:
Ելոյթներ ունեցան Վենետիկի քաղաքապետարանի մշակութային վարչութեան տնօրէն Ռոպերթօ Էլլերօ, թղթակից Էտուարտօ Փիթալիս եւ գիրքի հեղինակ Յակոբ Մանուկեան:
Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութեամբ կայացած շնորհանդէսը, որուն ներկայ եղած են Վենետիկի քաղաքապետարանի, հասարակական շրջանակներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ու լրագրողներ, կազմակերպուած էր Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրման Վենետիկի կեդրոնին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.