ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Նիւթերու դասաւորումով եւ մարդու երկրաւոր թէ ապագայ՝ երկնային կեանքին համար անհրաժեշտ բոլոր խնդրուածքներու շարայարութեամբ ամբողջական այս աղօթքը, քրիստոնէական կրօնի պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ մինչեւ այսօր, անգերազանցելի կը մնայ:
Մի՛շտ աղօթելու պատուէր ալ տուաւ Յիսուս իր աշակերտներուն եւ անոնց միջոցաւ նաեւ Իր բոլոր հետեւորդներուն: Մնայուն աղօթքին ազդեցութիւնը բարձր գնահատեց Ան, պայման դնելով անձանձրո՛յթ աղօթքը (Հմմտ Ղկ 18.1): Թերեւս անկարելի թուայ ոմանց համար այս, սակայն խորապէս հաւատացողներուն համար աղօթքը հետզհետէ կը վերածուի սովորութեան: Պէտք չէ՛ սխալ ըմբռնել այստեղ աղօթքը «սովորութիւն» դարձնելու երեւոյթը ու չմեկնաբանել զայն «մեքենականօրէն» արտասանուած խօսքի իմաստով: Ատիկա խօսակցական լեզուի որեւէ յիմար արտայայտութեան պարագային կարելի՛ է օգտագործել: Վստահաբար դուք ալ հանդիպած էք մարդոց, որոնք ծաղրական, հեգնական, ծիծաղաշարժ ու երբեմն ուրիշներուն զայրոյթ պատճառող բառեր անընդհատ կը կրկնեն: Այդ կրկնողութիւնը սովորութեան կը վերածուի, եւ որոշ ժամանակ ետք անոնք բոլորին ներկայութեան կը սկսին նոյն բառը կրկնելու, անծանօթներու կողմէ նոյնիսկ յիմար կարծուելով:
Սա սովորութեան վերածուած որեւէ խօսքի պարագային ընդունելի է: Սակայն աղօթքը սովորութեան վերածելը, անկեղծաւոր առաքինութիւններով զարդարուած մարդոց վարժութիւնն է: «Անկեղծաւոր» բառը այստեղ շեշտեցինք, որպէսզի իսկական աղօթողը զատորոշենք ձեւականութիւններու պատմուճանին տակ թաքնուած կեղծաւորներէն, որոնց տեսականին նոյնիսկ ծովու ձուկերու տեսականիէն աւելի եղած է ներկայ ժամանակներուն… «Ամէն-Ամէն», «Ալէլուիա-Ալէլուիա» բացագանչողները անպայման խոր հաւատացեալներ չեն, ո՛չ ալ հաւատքի զօրութենէ մղուած նման արտայայտութիւններ կ՛ունենան: Անոնց հաւատքը մարդոց հաճելի ըլլալու անիմաստ ճիգ է, մինչ իր Աստուծոյն աղօթողը, ու Անոր զօրութեան ապաւինողը, իր սենեակին մէջ փակուելով ու առանց աւելորդապաշտ ձեւակերպութիւններու ալ կրնայ իր ձայնը լսելի դարձնել Ամենատեսին:
Այո՛, աղօթելը կրնայ մնայուն ու անձանձրոյթ սովորութեան վերածուիլ, երբ մարդոց շրթներուն վրայ ըլլայ միշտ, փոխանակ հայհոյանքներու: Խորհրդատու ծերունիս սովորութեան վերածած էր նոյնիսկ իր բարկացայտ պահերուն անընդհատ կրկնել «Տէր ողորմեա՛, Տէր ողորմեա՛, Տէր ողորմեա՛» յանկերգը:
Աղօթքի զօրութեան չհաւատացող մարդը, ընդհանրապէս Աստուծոյ գոյութեան ալ չի հաւատար, որովհետեւ միայն Անոր գոյութեան հաւատացողը կրնայ ջերմեռանդ աղօթող ըլլալ, ի՛ր եւ ուրիշներուն համար:
Ընդամէնը 100 տարի ետ երթալով, գէթ մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ պիտի հանդիպէինք հոգեւորականներու, որոնք ամէն կացութեան մէջ ու ամէն պարագաներու տակ գտնուող մարդոց պիտի թելադրէին աղօթել: Խորքին մէջ լաւագոյն դեղագիրն է, զոր անոնք կը յաջողէին տալ զանազան հարցերով իրենց դիմողներուն: Այսօր ալ կան պարզունակ կամ «կոյր» հաւատքով մարդիկ, որոնք կը շահագործուին ո՛չ թէ նոյնքան պարզունակ հաւատքով «հոգեւորական»ներու կողմէ, այլ՝ անոնց միամիտ հաւատքը չարաշահող բախտախնդիրներու կողմէ: Ձեւերով ու աւելորդ շարժումներով «աղօթք բաշխել»ու ցուցական արարքներու փոխարէն, նախընտրելի պիտի ըլլար շարունակել 100 տարի առաջուան հայ հոգեւորականներուն բաշխած սովորական դեղագիրը՝ մի՛շտ աղօթելու պատուէրը:
Կը պատմուի, թէ մէկը երկար ատեն չէ՛ աղօթած, ու յետոյ երբ ուզեր է աղօթել, խաչակնքած պահուն յանկարծ անուշադրութեան բերումով մատը աչքին մտցուցեր է…
Այս կէս կատակ խօսքին մէջ ալ անշուշտ բարոյագիտական կարեւոր դաս կայ: Սովորութենական դարձած ուսանելի աղօթքը, վտանգի պահուն խաչակնքելու բարի վարժութիւնը, քրիստոնէական հաւատքի բարացուցական երեւոյթներ են մեր վրայ երեւցող:
Այնպէս, ինչպէս կերակուրդ ճաշակած պահուն չե՛ս շփոթիր ու վերցուցած պատառդ ականջիդ ուղղութեամբ չե՛ս տանիր, նոյնպէս ալ կեանքիդ բոլոր պարագաներուն մէջ ու տարբեր կացութիւններու դիմաց պէտք չէ՛ մոռնաս գործադրելիք երկու կարեւոր պարտականութիւններդ.
ա. Միշտ աղօթել.
բ. Հարկ եղած պարագային խաչակնքել:
Չեմ խորհիր, թէ ըլլայ մէկը, որ փափաքի մոռնալ աղօթելու սովորութիւնը այնքան, որ օր մը երբ դարձեալ ուզէ աղօթել, աչքը վրայ տայ՝ մատը ճակատին տանելու փոխարէն աչքի խոռոչին մէջ մտցնելով: «Աչքը մարմինին ճրագն է» կ՛ըսէ Յիսուս (Հմմտ Մտ 6.22) Աւետարանին մէջ: Իսկ հաւատքը՝ հոգիին աչքն է, առանց որուն կոյր է մարդը, ու իր ամբողջ կեանքի տեւողութիւնը իբրեւ ժամանակ պիտի վատնէ խարխափելով, որպէսզի զԱստուած գտնէ:
Աղօթքին անմիջականութիւնը կը զգայ նաեւ ան, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգայ միշտ իր կողքին: Պահապան հրեշտակներու մեր կողքին մնայուն ներկայութեան մասին ժխտողներու շատ քիչ կը հանդիպինք: Ամէն մարդ ալ կը գիտակցի, թէ մէկ օրուան ընթացքին ինչքա՜ն փորձանքներէ կ՛ազատուի ու փորձութիւններէ կը փրկուի: Եթէ միայն մեր սեփական կարողութեան ու իմաստութեան վստահէինք, անպայման տուժածներու թիւը մեծ պիտի ըլլար այսօր մարդկութեան շարքերուն մէջ: Սակայն, Աստուծոյ ներկայութիւնը իր պահապան հրեշտակներու միջոցաւ մեր մօտ, շատ մը դժուարութիւններու առաջքը կ՛առնէ: Երբեմն որոշումներ առնելու երկմտանքի մէջ մեր ներսիդին ծագող լո՛յսն է Աստուած, որ Իր երկնային իմաստութեամբ կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը: Ուստի, ի՞նչ վնաս, եթէ աղօթքի վարժութիւնը զօրացնենք մեր սովորութենական կեանքին մէջ, առաւել եւս ապահովելու Անոր ներկայութիւնը մեր կողքին:
Nonsens!