ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պատմաբան Թաներ Աքչամ իր նոր յօդուածին մէջ կը ջրէ Տողու Փերինչեքի կողմէ Սթրազպուրկի դատարանին մէջ յառաջ քշուած պնդումները։ «Պալատի Խեղկատակը» խորագրեալ իր յօդուածին գլխաւոր նիւթը այն է, որ Փերինչեք դատաւորներուն սխալ տեղեկութիւն տուած է՝ պնդելով, որ ո՛չ մէկ թրքական դատարան դատապարտած է Թալէաթ փաշան՝ հայկական կոտորածներուն համար։
Աքչամ ապա կը յիշեցնէ, որ Թալէաթ յատուկ զինուորական դատարանի մը կողմէ դատուած է եւ ի բացակայութեան՝ մահապատիժի դատապարտուած։
«Ապրիլ 27, 1919ի առաջին նիստին ընթացքին կարդացուեցաւ ամբաստանագիրը, եւ ասիկա այդ շրջանի պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած է։ Ամբաստանագրին մէջ կ՛ըսուի, որ Թալէաթ եւ միւս փախստական իթթիհատականները իրենց բացակայութեան պիտի դատուին հայերու դէմ ոճիրներ գործած ըլլալու յանցանքով։ Մայիս 4, 1919ին, Թալէաթ եւ միւս փախստականներուն դատավարութիւնը իրարմէ անջատուեցան եւ Թալէաթի դէմ նոր դատ բացուեցաւ։ Թալէաթի մասին Յուլիս 5, 1919ին որոշում ընդունուեցաւ եւ որոշումը հրատարակուեցաւ պաշտօնաթերթին մէջ։ Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ, ինչպէս նաեւ իթթիհատական միւս ղեկավարները, հայկական կոտորածներուն պատասխանատու նկատուեցան եւ մահապատիժի դատապարտուեցան։ Փերինչեք ոչ միայն թրքական դատարաններու կողմէ մահապատիժի դատապարտուած ոճրագործ մը կը գովէ, այլեւ այդ ոճրագործին անունով հիմնուած յանձնախումբով մը՝ հայերուն նկատմամբ ատելութիւն կը սերմանէ եւ այս կերպով ալ գետին կը պատրաստէ Հրանդ Տինքի դէմ եղածին նման սպանութիւններու։ Այս է Զուիցերիոյ մէջ կատարուած դատավարութեան էութիւնը», գրած է Աքչամ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.