2014 Թուականի Ընդհանուր Վիճակի Բնութագրում
ՍՇՕՎՄը 2014ին գործեց քաղաքական-ապահովական դժուարին պայմաններու մէջ: Հայահոծ շրջանները, յատկապէս Հալէպը եւ ի մասնաւորի Նոր Գիւղի շրջանը ենթարկուեցան ահաւոր հրթիռակոծման: Արձանագրուեցան մեծաթիւ վիրաւորներ, զոհեր ու նահատակներ, շարունակուեցան կենցաղային դժուարութիւնները՝ ելեկտրականութեան եւ ջուրի երկարաժամկէտ անջատումները (երբեմն օրերով ու շաբաթներով), սղաճը, վառելանիւթի տարբեր տեսակներու ապահովման դժուարութիւնները եւ կենցաղային այլ խնդիրները, որոնց լուծման համար ՍՇՕՎՄի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինները ջանք չխնայեցին:
Ա.- Օժանդակութեան Աշխատանքներ
2014ին Հալէպի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ ՍՇՕՎՄի կողմէ յառաջացած գործադիր մարմինները շարունակեցին հայութեան օժանդակութեան աշխատանքները: Հայահոծ նշեալ շրջաններու դիմագրաւած դժուարութիւնները միատեսակ չէին: Ճեզիրէի շրջանը թէեւ անվտանգութեան առումով համեմատաբար աւելի ապահով էր, սակայն կը դիմագրաւէր սղաճի եւ ջուրի խնդիր:
Ծովեզերեայ շրջանը 2014ի Մարտ 21ի Քեսապի գրաւման պատճառով բաւական ծանր կացութեան մատնուեցաւ: Լաթաքիոյ Գործադիր մարմինը ստանձնեց Քեսապի հայութեան օժանդակութեան աշխատանքները՝ համագործակցաբար Քեսապի Գործադիր մարմինին հետ:
Լաթաքիան, որ Սուրիոյ տարածքին ամէնէն ապահով շրջանը կը համարուի, դարձաւ թէժ շրջաններէն տեղափոխուած հայութեան կայարան:
Մայրաքաղաքը ապահովական իմաստով մտահոգիչ կացութիւն պարզեց, տարուան տարբեր ամիսներուն ռումբեր եւ հրասանդի արկեր տեղացին քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ, ներառեալ՝ հայկական կեդրոններու գտնուած շրջանները (դպրոց, ակումբ):
Իսկ Հալէպը շարունակեց մնալ Սուրիոյ քաղաքներէն ամէնէն աւելի տուժողը՝ ապահովական, տնտեսական եւ կենցաղային առումներով:
Բ.- 2014ի Հիմնական Խնդիրները
1.- 2014ին դիմագրաւուած հիմնական խնդիրը բնակարաններու հարցն էր: Հրթիռարձակման պատճառով մեծաթիւ հայ ընտանիքներ կորսնցուցին իրենց բնակարանները, որոնք քանդուեցան, կիսով չափ քանդուեցան եւ կամ մասնակի մեծ ու փոքր վնասներ կրեցին:
Նկատի ունենալով հիմնովին քանդուած կամ կիսաքանդ բնակարաններու նորոգութեան համար պահանջուած մեծածախս գումարները նաեւ տակաւին վտանգի առկայութիւնը, կարելի եղաւ միայն մասնակի վնասներ կրած բնակարաններու նորոգութեան օժանդակութիւն կատարել:
2.- 2014ին Հալէպի դիմագրաւած մեծ խնդիրը ջուրի հարցն էր: Քաղաքի ջրամատակարարման խողովակները ռազմական գործողութիւններու պատճառով վնասուեցան, որուն պատճառով ամրան եղանակին քաղաքը զրկուեցաւ ջուրէ: Արդարեւ, Հալէպի Գործադիր մարմինի ծառայողական աշխատանքները ընդգրկեցին նաեւ ջրամատակարարման գործը:
Բարեբախտաբար 2013ին, նախազգուշանալով նման իրավիճակներու մատնուելէ՝ Բերիոյ թեմին նախաձեռնութեամբ հայկական կեդրոններու մէջ (եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբ) ջրհորներ բացուած էին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ջրաբաշխման ծառայութիւնը իրականացնել:
3.- 2014ի կարեւոր մտահոգութիւններէն էր նաեւ Քեսապի գրաւումն ու անոր հետեւանքները: Քանի մը ժամուան մէջ հարիւրաւոր ընտանիք անօթեւան մնաց: Տեղահանուած հայութիւնը ապաստան գտաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Նահատակաց վարժարանի կառոյցներուն մէջ: Տագնապահար ժողովուրդին օգնութեան փութալու, նիւթական իմաստով նեցուկ կանգնելէ աւելի բարոյական պարտաւորութիւն ունէր ՍՇՕՎՄը: Առ այդ, ՍՇՕՎՄէն պատուիրակութիւն մը, ատենապետի գլխաւորութեամբ, այցելեց Լաթաքիա եւ հարկ եղած կարգադրութիւնները ի գործ դրաւ: Յաջորդաբար շրջան այցելեցին ՍՇՕՎՄի անդամ համայնքապետները եւ ազգային մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչները:
Գ.- Յարաբերական-Քարոզչական Աշխատանքներ
ՍՇՕՎՄը շարունակեց իր յարաբերական-քարոզչական աշխատանքները տարբեր ուղղութիւններով.
ա.- Հաղորդագրութիւններ հրապարակելու ճամբով՝ շարունակելով իր քարոզչական աշխատանքը, ՍՇՕՎՄը 2014ին հրապարակեց 5 հաղորդագրութիւն (թիւ 8-12):
բ.- www.syriashdab.com ՍՇՕՎՄի պաշտօնական կայքէջին ճամբով, ուր կը տեղադրուին անոր հրապարակած հաղորդագրութիւնները, տեղեկագիրները, ստացած հրապարակելի գրութիւնները, նաեւ՝ աշխատանքներու մասին պատրաստուած վաւերագրական տեսագրութիւններու եւ նուիրատուներու անուանացանկը:
գ.- Նուիրատու կողմերու հետ յարաբերութեամբ՝ նամակագրութեամբ եւ ՍՇՕՎՄի գործավար-բանբերի ճամբով անմիջական հաղորդակցութեամբ: Յատկապէս ողջունելի է ՍՇՕՎՄիս համար Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Սուրիահայութեան օգնութեան մարմիններուն եւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մասնաճիւղերու ցուցաբերած նիւթական թէ բարոյական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը, որուն համար ՍՇՕՎՄը երախտապարտ է:
դ.- Օժանդակութիւններու աշխատանքներուն մասին յատուկ տեսանիւթերու պատրաստութեամբ:
ե.- 2014ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն յարաբերական աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ ՍՇՕՎՄի ատենապետին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններ, նաեւ Քանատա այցելութեամբ, որ մեծապէս նպաստեց սուրիահայութեան իրավիճակին եւ ՍՇՕՎՄի աշխատանքներուն մասին հարազատ պատկերացում տալու եւ մեր ազգակիցներէն մեր ակնկալութիւնները փոխանցելու առումներով:
զ.- ՍՇՕՎՄի յարաբերական աշխատանքներու ծիրէն ներս կը ներառուի Հայաստան-Սփիւռք Ե. խորհրդաժողովին (Սեպտեմբեր, 2014) հինգ անդամով մասնակցութիւնը, որ մեծ ներդրում ունեցաւ Հայաստանի մէջ յանուն սուրիահայութեան ծաւալուած աշխատանքներուն ծանօթանալու եւ Սուրիոյ մէջ ՍՇՕՎՄի աշխատանքներուն իրազեկ դարձնելու: Հայաստանաբնակ սուրիահայերը առիթը ունեցան լսելու նաեւ համայնքապետները՝ Երեւանի մէջ:
Դ.- Յառաջիկայ Ծրագիրներ
Թէեւ ՍՇՕՎՄը իր աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ հիմնական տեղ յատկացուցած է վերականգնման ծրագիրներուն, սակայն ցարդ կարելիութիւն չէ ունեցած մշակելու այդ ծրագիրները երկրի քաղաքական-ապահովական կացութեան անկայունութեան եւ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին համար հեռանկարային յստակ պատկերացումներ չգտնուելու պատճառով:
Այսուհանդերձ, ՍՇՕՎՄը իր հերթական նիստերով բազմաթիւ անգամներ սերտած է օրակարգը եւ նախագիծներու պատկերացումներու քննարկում կատարած, որպէսզի պայմաններու բարեփոխման պարագային անմիջապէս գործնական աշխատանքի անցնի:
Ե.- Շնորհակալիք
ՍՇՕՎՄը՝ յանուն յատկապէս սուրիաբնակ տոկացող հայրենակից-ազգակիցներուն, երախտագիտութիւն կը յայտնէ անհատական թէ հաւաքական զօրակցութիւններու բոլոր տեսակի արտայայտութիւններուն համար, որ որոշ իմաստով կը յայտնաբերէ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը տագնապալի դժուարին կացութեան մէջ: Բնականաբար կը շարունակենք հաւատալ, որ մինչեւ ներկայ տագնապի աւարտն ու անդին, մեզի օժանդակող բոլոր կողմերը պիտի շարունակեն իրենց օրհնեալ աջակցութիւնը հասցնել մեր ժողովուրդին: Բոլոր նուիրատուներուն վարձքը կատար եւ անհուն շնորհակալութիւն:
Եզրափակում
Պատմական արժէք ներկայացընող, իր մարդուժով ու գործունէութեամբ հայկական Սփիւռքի իրականութեան մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցող սուրիահայ համայնքի նման համայնքի մը տէր կանգնիլը, անոր նկատմամբ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերելը եւ անոր ապրած տագնապի դաժան օրերուն նեցուկ կանգնիլը ողջ հայութեան հիմնախնդիրը կը կարծուի համարուած ըլլալ: Հետեւաբար պիտի շարունակուին ամէն կերպ համայնքին օգտակար դառնալու աշխատանքները:
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ