
Հայաստանի համար վերլուծութիւններու, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկի 33ամեակի նշումը տեղի պիտի ունենայ 10 Մայիսին, «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» պանդոկի «Սթարվիու» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ։
Ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուի՝ «Ուսումնասիրել, հետազօտել եւ ծրագրել Հայաստանի համար» նշանաբանը որդեգրած կազմակերպութեան հիմնադիրը՝ դոկտ. Յակոբ Փանոսեան, որուն ծննդեան 80ամեակն է այս տարի։
Հանդիսավարը Սոնա Մովսէսեանն է, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին «Էլեմընթ» նուագախումբէն Արա Տապանճեան եւ «Պէյ Ռու»ն։
Մասնակցութեան սակը 350 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար այցելել itsmyseat.com/events/719113.html կայքէջը։