ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, Յունուար 31ին, Հայ առաքելական եկեղեցին յիշատակեց քրիստոնեայ հաւատքի նահատակ Ս. Սարգիսի, անոր զաւակին՝ Մարտիրոսի, եւ տասնչորս զինուորներուն տօնը։ Ս. Սարգիսի տօնը նաեւ անուանակոչութեան օրն է Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։
Այս առթիւ, Կիրակի, Փետրուար 1ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատարագեց, յաւուր պատշաճի իր պատգամը փոխանցեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Մատաղի համար աղօրհնէքը կատարուած էր Ուրբաթ, Յունուար 30ին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի կողմէ, որմէ ետք եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմն ու տիկնանց միութեան անդամները սկսած էին մատաղի պատրաստութեան։
Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, պատարագիչ առաջնորդ սրբազանը հոգեւոր հովիւի եւ սարկաւագներու թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի եւ մատուցեց Ս. պատարագը:
Սրբազանը, իր հայրական պատգամը ուղղելէ առաջ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութեան առթիւ օրհնութեան ու գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին, տիկնանց միութեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին։ Ան նաեւ ողջունեց եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլին ու ընտանեկան պարագաներու ներկայութիւնը։
Առաջնորդի պատգամին բնաբանն էր Ս. Սարգիսին նուիրուած հետեւեալ խօսքը. «Երանելի վկայն Քրիստոսի, զօրանայր ի Սուրբ Հոգւոյն. զի զերանութեանցն առնոյր զշնորհս ողորմութեան. որ է զէն յուսոյ վահան հաւատոյ»։
Սրբազանը իր պատգամով նախ անդրադարձաւ Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքին, վկայաբանութեան, ջերմեռանդ հաւատքի զօրութեան ու նահատակութեան։ Ապա, ուխտաւոր հաւատացեալները հրաւիրեց Ս. Սարգիս զօրավարի ջերմ հաւատքով հոգեպէս զօրանալու եւ մեր առաքելութեան եւ ծառայութեան ընթացքին մեր ես-ը մէկդի դնելով՝ փառաւորելու զԱստուած։ Սուրբերու հաւատքի խոստովանութեան ու նահատակութեան մասին խօսելէ ետք, ան անդրադարձաւ մեր այսօրուան կեանքին՝ նշելով, որ երբ նուազագոյն նեղութեան կը հանդիպինք, սկզբունքներ, աւանդութիւն ու սրբութիւն երկրորդական մակարդակի կը թողունք, որովհետեւ միայն մեր ես-ին մասին կը մտածենք:
Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհական նուիրեալ սպասաւորներու յիշատակին, որոնց կարգին՝ եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Ադրէասեանի, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմի, տիկնանց միութեան եւ յարակից մարմիններու ննջեցեալ անդամ-անդամուհիներու հոգիներուն համար. յաջորդեց ննջեցելոց հոգւոյն փրկութեան եւ հաւատացեալներու օրհնութեան ու բժշկութեան համար պատրաստուած մատաղի օրհնութիւն։
Արարողութեանց աւարտին, առաջնորդը, հովիւն ու սարկաւագները «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ գաւիթ, ուր դպրաց դասի եւ ներկայ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգը։ Աւարտին, առաջնորդը օրհնեց եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ուխտաւոր ժողովուրդին։
Ներկաները, օրուան հոգեպարար արարողութիւններով եւ օրհնաբեր խօսքերով լիցքաւորուած՝ օրհնուած մատաղ առնելէ ետք մեկնեցան։
Ապա, եկեղեցւոյ «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած աւանդական սիրոյ ճաշը: Սրբազանին կողքին ներկայ էին Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ անդամ Թերէզ Քեմանճեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, գլխաւոր բարերարը եւ ընտանիքը, հովանաւորներ, նուիրատուներ, հոգաբարձութեան անդամներ, երեսփոխաններ եւ այլ հրաւիրեալներ։
Սրբազան հօր սեղանի օրհնութենէն ետք բարի գալուստի խօսք ուղղեց հոգաբարձութեան ատենապետ Յովսէփ Կիրակոսեանը, ապա ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարներ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեանները եւ Տիգրան Պապիկեանը, շնորհաւորելով օրուան տօնախմբութիւնը։
Աւարտին, առաջնորդի շնորհաւորական եւ գնահատանքի ջերմ խօսքերէն ետք, «Պահպանիչ» աղօթքով աւարտին հասաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան հանդիսաւոր տօնախմբութիւնը։
Շաբաթ, Յունուար 31ի երեկոյեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնամուտի ժամերգութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.