Փոխադրութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ ասիկա «Հիւսիս-հարաւ» հսկային 4 մասերուն առաջինն է: Այստեղ, ի հարկէ, դեռ կիսատ մնացած աշխատանքներ կան, մասնաւորապէս Մարմարաշէն եւ Բուրաստան համայնքներուն համար պիտի կառուցուին վերգետնեայ անցումներ. նախագիծերը արդէն պատրաստ են, յառաջիկային պիտի կատարուին համապատասխան մրցումներ: Պիտի արդիականացուին նաեւ առկայ անցումները՝ համապատասխանեցնելով առաջին կարգի ճամբու պայմաններուն։
Այս տարուան աւարտին առաջին շերտը պիտի օգտագործուի երթեւեկութեան համար՝ ներառեալ արհեստական կառոյցները:
«Տրանշ 1ի աշխատանքներն ամբողջութեամբ իրականացնելու համար «Կորսան Կորուիամ» իսպանական շինարարական ընկերութեան հետ կնքուած է 70.4 միլիոն տոլարի պայմանագիր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.