ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հպարտութեան ու ինքնավստահութեան վարար ալիքը համակեց ողջ հայութիւնը՝ ի տես Ծիծեռնակաբերդի Նահատակաց յուշահամալիրին մէջ Ազգի ու Հայրենիքի պետական, հոգեւոր, քաղաքական եւ հասարակական ղեկավարութեան համախմբումին եւ, յատկապէ՛ս, ի լուր միջազգային հանրութեան մէկ ու միասնական ճակատով ներկայանալու եւ Իրաւունք ու Արդարութիւն պահանջելու հայ ժողովուրդի հաւաքական վճռականութեան։
Պատմութիւնը վստահաբար ոսկետառ արձանագրութեամբ պիտի վկայէ, որ 1915էն 1923 թրքական պետութեան ձեռամբ Ցեղասպանութեան ենթարկուելէ, աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակներ տալէ, հայրենի իր հողերուն երկու երրորդը կորսնցնելէ, զանգուածային տեղահանութեամբ ազգային իր բնօրրանէն արմատախիլ դուրս շպրտուելէ ու աշխարհով մէկ տարտղնուելէ ետք անգամ, Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով, հայ ժողովուրդը ահա՛ աշխարհին եւ մանաւանդ ցեղասպան թուրք պետութեան կը ներկայանայ իր անկախ հայրենիքով, ազգային պետականութեամբ եւ կազմակերպ Սփիւռքով՝ աւելի քան երբեւիցէ պահանջատէր, աւելի քան երբեւիցէ Հայ Դատի պայքարը յաղթանակով պսակելու մարտունակութեամբ։
Հասկնալիօրէն՝ այսքա՜ն արիւն, հող եւ ժառանգութիւն կորսնցնելէ եւ հարիւր տարի ցեղասպան թուրք պետութեան Ուրացման Պատին շարունակ բախելէ ետք, մեր ժողովուրդը ամէն պատճառ ունի առաւելագոյն շրջահայեցութեամբ յառաջ մղելու Իրաւունքի եւ Արդարութեան իր պահանջատիրական պայքարը։
Նախ՝ այն պատճառով, որ թրքական պետութիւնը փաստօրէն կը յամառի խուսափիլ սեփական պատմութեան հետ հաշուի նստելու եւ իր հայրերուն գործած սխալները խոստովանելու, այլեւ ու մանաւանդ անցեալի ոճիրներու սրբագրման ու հատուցման ուղիներ որոնելու իր անժամանցելի պատասխանատուութենէն։
Ապա՝ այն պատճառով, որ Հայկական Հարցին հետ ցեղասպանութեան ճամբով հաշուեյարդար տեսնելու իր ոճրային փորձէն ետք ալ, թրքական պետութեան վերջին հարիւրամեակի կենսագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Անգարայի եկող-գացող իշխանութիւնները, ի՜նչ վարչակարգ ալ դաւանին, հետեւողականօրէն կ՛աշխատին բրտօրէն ճզմել երէկի Օսմանեան կայսրութիւնը եւ այժմու Թրքական Հանրապետութիւնը բաղկացնող ազգերուն ազատ ինքնորոշման իրաւունքները՝ ընդհանրապէս քաղաքացիական հասարակութեան բնորոշ արժէքները ոտնակոխ ընելով…
Հայ ժողովուրդը շրջահայեաց գտնուելու եւ Հայ Դատի պայքարը անվրէպ յառաջ մղելու հիմնաւոր պատճառներ ունի վերջապէս ու մանաւա՛նդ այն նկատառումով, որ թրքական պետութիւնը ահա երեք տասնամեակէ ի վեր հետամուտ է աշխարհի այս գօտիէն ներս կայսերապետական մեծ ուժի իր երբեմնի դիրքն ու ազդեցութիւնը վերականգնելու ռազմապաշտ քաղաքականութեան, որուն վերջին զոհը մեր աչքերուն առջեւ գալարուող Սուրիան է…
Մտահան պէտք չէ ընել, որ թրքական պետութեան երբեմնի հզօրութիւնը վերականգնելու նոյն այդ քաղաքականութեան դրսեւորումն է, նաեւ՝ ուղղակիօրէն հայոց հայրենիքին եւ մեր պետականութեան սպառնացող վտանգ է Ատրպէյճանի հետ համաթրքական միասնութեան կամուրջներ ամրապնդելու Անգարայի հետեւողական վարքագիծը։
Քաղաքական իրատեսութեան հրամայականը շեշտող տուեալները բազում են, եւ հայ քաղաքական միտքը, հասկնալիօրէն, պարտաւոր է միշտ հաշուի առնելու թրքական պետութեան ներկայացուցած ՎՏԱՆԳը։
Ի վերջոյ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ, բիրտ ուժի գործածութեամբ, սեփական կամքը իր հարեւաններուն պարտադրելու փորձեր կատարել, նոյնիսկ արեան մէջ խեղդելով Իրաւունք եւ Արդարութիւն պահանջող ամէնէն օրինապահ ձայներն ու ժողովրդավարական շարժումներն անգամ։
Թուրք մեծապետական կամակորութիւնը արդէն այն աստիճանի գինովցած է, որ Թուրքիոյ նախագահը կը համարձակի մէկ կողմէ կէս-բերան ցաւակցութիւն յայտնել հայ ժողովուրդի նահատակներուն համար, իսկ միւս կողմէ Ապրիլ 24ին միջազգային ընտանիքը հրաւիրել Թուրքիա՝ Կալիփոլիի յաղթանակը տօնելու…
Այս առումով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Համահայկական Հռչակագիրին արժէքն ու կարեւորութիւնը պատմական նշանակութիւն կը զգենուն։
Ինչպէս Մեծ Եղեռնէն առաջ, նոյնպէս եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւող հարիւր տարիներուն ընթացքին, հայ քաղաքական միտքը շարունակ դժուարութիւն ունեցաւ – Հայ Դատի ճակատին վրայ – մէկ ու միասնական քաղաքական կեցուածքով պահանջատէր ներկայանալու աշխարհի ճակատագիրը վարող մեծապետական ուժերուն։
Նոյնիսկ քանի մը տարի առաջ, տխրահռչակ Հայեւթուրք արձանագրութեանց առիթով, ազգովին դէմ յանդիման կանգնեցանք արտաքին ուժերու եւ մանաւանդ մեծապետական աշխարհին կողմէ մեր ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան պարտադրուող քաղաքական ներքին տարակարծութեանց…
Ա՛յն աստիճան, որ Արձանագրութիւններէն Հայաստանի ստորագրութիւնը յետս կոչելու համար տակաւին կը սպասենք յարմար պահու…
Այսօր ի վիճակի ենք փակուած համարելու անցեալի ներքին տարակարծութեանց էջը։
100ամեակի Համահայկական Հռչակագիրը ոչ միայն հանդիսաւորապէս նուիրագործեց համայն հայութեան միասնութիւնը Հայ Դատի պահանջատիրութեան քաղաքական մէկ ու միասնական ուղեգիծի շուրջ, այլեւ՝ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պետական իրաւատիրութեան մակարդակին բարձրացուց Հայ Դատի միջազգային հետապնդումը։
Դարակազմիկ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ նետուած քայլը, որուն ամրագրման եւ հետագայ խորացման ուղղութեամբ հայ քաղաքական միտքը պարտաւոր է շարունակել մօտեցումներու եւ հայեացքներու մերձեցման ու միաւորման իր հետեւողական ճիգերը։
Հռչակագիրով հաստատագրուած պետական իրաւատիրութիւնը հասկնալիօրէն չունի Հայ Դատի պահանջատիրութեան մարտունակ հնչեղութիւնը։
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը առաջադրելով՝ Հռչակագիրը կը բաւարարուի «Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարում»ը պահանջելով։
Ոչ ոք մտահան կ՛ընէ, որ Մեծ Եղեռնի 50ամեակին առիթով, Երեւանի մէջ թէ աշխարհով մէկ, բողոքի ցոյցով փողոց իջած պահանջատէր հայութիւնը մարտունակօրէն աշխարհին կը ներկայանար «Մեր Հողերը, Մեր Հողերը» պահանջով։
Այսօրուան հայ ժողովուրդին միասնականութիւնը, պետական իրաւատիրութեան ու պահանջատիրութեան մակարդակին բարձրացնելով Հայ Դատի պայքարը, յայտնապէս հաշուի կ՛առնէ միջազգային շարժումի պայմաններն ու մեծապետական ուժերու դասաւորումները, երբ ամենայն պարզութեամբ չի հնչեցներ Հողային Պահանջատիրութիւնը՝ զայն բանաձեւուած տեսնելով «Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման» իր պահանջին մէջ։
Քաղաքական աշխարհի խաղականոններուն եւ միջազգային իրաւունքի օրինաչափութեանց համապատասխան գործելու հրամայականը շրջանցելի չէ եղած անցեալին, շրջանցելի չի կրնար ըլլալ նաեւ մեր օրերուն։
Յիշենք, որ Մեծ Եղեռնի 60ամեակին առիթով, երբ Սփիւռքի տարածքին հայ ազգային երեք կուսակցութիւնները փորձեցին քաղաքական միասնական տարազումի բերել Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը, անկախ Հայաստանի եւ հայ ազգային պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, պարտադրաբար յանգեցան տարտամ բանաձեւումի՝ պահանջելով «բռնագրաւեալ հայկական հողերը վերադարձնել իրենց միակ իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին»։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Համահայկական Հռչակագիրը ըստ ամենայնի կը հետեւի պատմական զարգացման ներքին տրամաբանութեան։ Վերանկախացեալ Հայաստանն ու վերականգնեալ հայոց ազգային պետականութիւնը ահա կու գան նոր հորիզոնի բանալու Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը։
Հայ ժողովուրդի հողային եւ քաղաքական հատուցման պահանջները սիրտ բացող հնչեղութեամբ արձանագրուած չեն Հռչակագիրին մէջ։
Բայց նաեւ բացառուած չեն պետական մտածողութեամբ բանաձեւուած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման» պահանջատիրութենէն։
Հայ Դատի պայքարը թեւակոխած է պետական հուն։
Առաջին քայլը նետուած է։
Յիշենք եւ պահանջենք։
Հաւաքական մեր ուժին հզօրացման մէջ կը գտնուի ու կը շարունակէ մնալ յաղթանակի գրաւականը Հայ Դատի պայքարին։