«Գլխաւոր խորհրդական դառնալս Հայկական Հարցին այնքան ալ չ՛առնչուիր, քանի որ եթէ ես հայ չըլլայի, ոչինչ պիտի փոխուէր: Տաւութօղլուի վերաբերմունքը ինծի հանդէպ, կամ իմ վերաբերմունքը՝ անոր հանդէպ, պիտի չփոխուէր», ըսած է ան:
Պատասխանելով Թուրքիոյ այդ օրերու վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հայերուն ուղղուած ցաւակցական ուղերձի անկեղծութեան մասին հարցումի մը՝ Էթիէն ըսած է. «Ցաւակցական ուղերձի անկեղծութիւնը բացայայտ էր: Գոյութիւն ունի իսլամական զգայուն պետութիւն մը, որ կը կանգնի ճնշուածներու կողքին: Այս պահուն, օրինակ, Թուրքիոյ մէջ կայ մօտաւորապէս 2 միլիոն սուրիացի գաղթական, ներառեալ՝ հայեր, քրիստոնեաներ, քիւրտեր», յիշեցնելով նաեւ հիմնադրամներուն պատկանած գոյքը վերադարձնելու մասին իշխող կուսակցութեան որոշումները:
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ ան նշած է, թէ իր կարծիքով՝ այդ առումով Թուրքիան փորձած է քայլեր առնել՝ «հին կապանքներէն ազատելու համար, սակայն, անշուշտ, միջպետական յարաբերութիւնները շտկելը այդքան ալ դիւրին չէ», աւելցնելով, որ քայլերը պէտք է երկկողմանի ըլլան: Ան նաեւ նշած է, թէ այդ հարցը բաւական բարդացած է՝ Ղարաբաղի հարցին պատճառով:
«Այդ պատճառով ալ, կարելի չէ զայն կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին լուծել: Միաժամանակ, պէտք է բացուի հայ-թրքական սահմանը, իսկ Ղարաբաղի հարցը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, լուծման փուլի պէտք է հասնի, եւ նոյն ժամանակ, երեք երկիրներուն միջեւ նոր յարաբերութիւններ պէտք է հաստատուին: Այսինքն՝ բոլոր այդ խնդիրները նոյն պահուն լուծելու համար, փաթեթային լուծում մը անհրաժեշտ է», ըսած է ան:
Մահճուպեան յոյս յայտնած է, որ Ապրիլ 24էն ետք հայ-թրքական յարաբերութիւնները աւելի հանգիստ հարթութիւն կը տեղափոխուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
gna korir eli!