Համանախագահները ներկայացուցած են Պաքուի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն տպաւորութիւնները, քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի այս հանգրուանին առկայ մտահոգութիւններն ու հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:
«Հանդիպման ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեանը ողջունել է Յունուարի 27ին Կրակովում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների յայտարարութիւնը, որը, նախագահի համոզմամբ, որոշակիօրէն տարբերւում էր նախորդ յայտարարութիւններից, որում ի վերջոյ կոչ արուեց Ադրբեջանին հաւատարիմ մնալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած իր յանձնառութիւններին», նշուած է նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Տարածաշրջանային իրենց այցելութիւններուն մասին խօսելով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք յայտնած է, որ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին նոր առաջարկներ չեն ներկայացուցած ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերուն: Ան այս մասին արտայայտուած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ կայացած հանդիպումէն ետք։
Նախարարութիւնը տեսակցութեան վերաբերող իր հաղորդագրութեան մէջ նշած էր, որ նախարար Նալբանդեան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախագահներուն խօսած է Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան շարունակաբար խախտման մասին՝ դիտել տալով, որ Պաքուի իրական նպատակն է ձախողութեան մատնել ղարաբաղեան բանակցային գործընթացին արդիւնքները։
«Երբ համաձայնութիւն ձեռք բերուի հիմնարար սկզբունքների վերաբերեալ, եւ դրան իր համաձայնութիւնը տայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, այդ ժամանակ հնարաւոր կը լինի բանակցութիւններ սկսել Ադրբեջանի, Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ՝ մշակելու խաղաղութեան համապարփակ պայմանագիրը», յայտնած է նախարար Նալբանդեան։
«Հայաստանի արտգործ նախարարը անդրադառնալով Արցախի դատարանի կողմից դատապարտուած ադրբեջանցի դիվերսանտերին որպէս «մոլորուած անմեղ գառնուկներ» ներկայացնելու Պաքուի փորձերին, նշել է, որ դրանք սնանկ են», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան տեղեկացուցած է, որ համանախագահներն ու դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը 18 Փետրուարին Ստեփանակերտ պիտի այցելեն:
Նշենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները 16 Փետրուարին Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած էին Ատրպէյճանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ։
«Համանախագահները խնդիր ունեն թուլացնել լարուածութիւնը հայ-ադրբեջանական սահմանին, եւ դա անելու համար նրանք փորձում են նախեւառաջ վերակենդանացնել բանակցային գործընթացը», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Գլոբալիզացիայի եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերլուծական կենտրոն»ի ղեկավար Ստեփան Գրիգորեանը՝ դիտել տալով, որ յառաջիկային եւս լարուածութիւնը պիտի շարունակուի։
«Լարուածութեան պատճառները չեն հանգել։ Այստեղ շատ կարեւոր դեր է խաղում Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը, Ապրիլի 24ը։ Ադրբեջանը լարուածութիւնը պահում է նաեւ այլ պատճառներով, բայց այդ պատճառը շատ ակտուալ է։ Ու սպասել, որ մինչեւ Ապրիլի 24ը լարուածութիւնը կը մեղմանայ, անիմաստ է», յայտնած է Գրիգորեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.