«Մենք կարող ենք ընդհանրապէս ստորագրութիւնները չեղեալ յայտարարել, մենք կարող ենք եւ վաւերացնել, այսինքն՝ ամէն ինչ կախուած է ապագայ զարգացումներից: Ինչպիսի՞ն կը լինեն զարգացումները, ինչպիսի՞ն կը լինի Թուրքիայի պահուածքը, արդեօ՞ք կը փոխուի, եւ եթէ այո, ապա դէպի ո՞ր կողմ կը փոխուի: Այնպէս որ մենք քայլեր ունենք տարբեր ուղղութիւններով», յայտնած է ան։
Փոխնախարարին համաձայն՝ ամէնէն կարեւորը այն է, որ տուեալ պարագային կրկին այդ «ֆուտբոլային տերմինաբանութեամբ՝ գնդակը իրենց դաշտում է», եւ ակնյայտ է, որ շահագրգիռ պետութիւնները, միջազգային հանրութիւնը պիտի սպասեն Թուրքիոյ կողմէ առնուելիք քայլերուն:
Լրագրողը հարցուցած է. «Հայաստանի այս քայլը ենթադրո՞ւմ է, որ մենք հայ-թուրքական յարաբերութիւններում Թուրքիայի հետ վերջակէ՞տ ենք դնում, թէ նոր փաստաթղթի հաւանականութիւն կայ»։ Շաւարշ Քոչարեան արձագանգած է. «Եթէ նախագահը ստորագրութիւնը չեղեալ յայտարարէր, ապա միայն տեսականօրէն կարող էր նոր գործընթաց սկսուել»:
Լրագրողը հարցուցած է, որ այս վեց տարիները որո՞ւ յօգուտ էին. Շ. Քոչարեան պատասխանած է. «Ես մատնանշեցի թուրքական հասարակութիւնում այն ալիքը, որը բարձրացել է եւ արդէն դժուար է կասեցնել: Պէտք է յիշել նաեւ, որ այս ժամանակահատուածում երկու պետութիւն՝ Յունաստանը եւ Սլովակիան, քրէականացրին ժխտողականութիւնը, ամենաէականը՝ երեւաց Հայաստանի իշխանութիւնների անկեղծ ձգտումը՝ կարգաւորելու յարաբերութիւնները, եւ մենք պայմանաւորուածութեանը հակառակ որեւէ քայլ չենք կատարել՝ ի տարբերութիւն Թուրքիայի իշխանութիւնների, որոնք անընդհատ առաջնորդւում են նախապայմաններով: Թուրքիայի իշխանութիւնների այսպիսի վարքագծի արդիւնքում այս վեց տարիներն աշխատեցին ի վնաս կարգաւորման գործընթացի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.