ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Հայաստանի արտադրութեան ոլորտին մէջ կայուն աճ արձանագրած ծխախոտի արտածման չափերը գրեթէ կրկնապատկուած են: 2014 թուականին Հայաստանէն արտածուած է 10 միլիառ 675.9 միլիոն հատ սիկար եւ ծխախոտ, որոնց մաքսային արժէքը գերազանցած է 116 միլիոն 550 հազար տոլարը:
2014 թուականին Հայաստանէն արտածուած է 10 միլիառ 675.9 միլիոն հատ սիկար եւ ծխախոտ, որոնց մաքսային արժէքը գերազանցած է 116 միլիոն 550 հազար տոլարը:
2013 թուականին Հայաստանէն արտածուած էր 6 միլիառ 49.6 միլիոն հատ ծխախոտ, որոնց մաքսային արժէքը շուրջ 68.1 միլիոն տոլար էր:
Հայաստանի մաքսային ծառայութեան հրապարակած տուեալներով, արտածման աճին զուգահեռ, Հայաստան նուազեցուցած է ներածումներուն քանակը։ Եթէ 2013 թուականին ներածուած էր 2 միլիառ 993.7 միլիոն հատ ծխախոտ, ապա 2014 թուականին այդ թիւը եղած է 2 միլիառ 403.7 միլիոն հատ, իսկ ներածուած ծխախոտներու մաքսային արժէքը 2013 թուականի 61 միլիոն 395 հազար տոլարի փոխարէն կազմած է 44 միլիոն 598.4 հազար տոլար:
Հայաստանէն ծխախոտ արտածուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Աֆղանիստան, Պահրէյն, Պելճիքա, Գերմանիա, Իտալիա, Թուրքմէնստան, Իրաք, Քորիա, Հոնկ Քոնկ, Յորդանան, Ճափոն, Միացեալ Նահանգներ, Շուէտ, Ուքրանիա, Ռուսիա, Սուրիա եւ Վրաստան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.