ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան գիրք նուիրելու օրուան առիթով կառավարութեան անդամներուն նուիրած է Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի «Մանդիլիոն» վէպը:
«Արդէն մի քանի տարի է, ինչ հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը Հայաստանում նշում ենք գիրք նուիրելու օրը: Այդ կապակցութեամբ ձեզ նուիրել եմ Վահան Յովհաննիսեանի վէպը, շատ կարեւոր է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախօրէին ժամանակ գտնէք եւ ընթերցէք այն», կառավարութեան նիստի մեկնարկին՝ դիմելով գործադիրի անդամներուն, ըսած է Յովիկ Աբրահամեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.