ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիոյ փոխանցման կառավարութեան վարչապետ Ապտալլա Սիննի յայտնեց, որ Քաթարի եւ Սուտանի կողմէ Լիպիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւնը արդէն իսկ անցեալին կը պատկանի, սակայն նշեց, որ «թրքական միջամտութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Լիպիոյ ապահովութեան եւ կայունութեան վրայ»՝ աւելցնելով. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կեցուածքը յստակ է»:
«Պիտի ստիպուինք այդ երկրին նկատմամբ միջոցառումներ որդեգրելու, եւ վերջաւորութեան Թուրքիա պիտի ըլլայ վնասողը, որովհետեւ Լիպիա կրնայ որեւէ պետութեան հետ գործակցիլ, իսկ թրքական ընկերութիւնները Լիպիոյ մէջ իրենց ներդրումները պիտի կորսնցնեն», ընդգծեց ան:
Սիննի յայտնեց նաեւ, որ անցած օրերուն եգիպտական օդուժին կողմէ Լիպիոյ մէջ ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան դիրքերուն վրայ օդային հարուածները կատարուած են իր կառավարութեան գիտակցութեամբ եւ համակարգումով:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտնեց, որ Գահիրէ Լիպիոյ մէջ իր զինուորական գործողութիւնները կը կատարէ՝ հիմնուելով ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին վրայ եւ համագործակցելով Ապտալլա Սիննիի գլխաւորած եւ միջազգային ճանաչում ունեցող լիպիական օրինական կառավարութեան հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.