ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Միլլիյէթ» թերթին մէջ Մուսթաֆա Եըլտըրըմ մէկն է այն յօդուածագիրներէն, որոնք իրապաշտ մերձեցումով ու խիստ նախադասութիւններով դատապարտեցին Կալիփոլիի պատերազմի հարիւրամեակը այս տարի Ապրիլ 24ին նշելու եւ այս նշումին Հայաստանի նախագահը հրաւիրելու որոշումը։
Եըլտըրըմ խիստ լեզուով գրեց, թէ ասիկա «աներեսութիւն է եւ հայհոյանք կը նշանակէ» Հայաստանի պետութեան հասցէին։
Կը կարդանք հետեւեալը. «Կալիփոլիի պատերազմի տարեդարձը, որ ամէն տարի կը նշուէր 18 Մարտին, այս տարի որոշուեցաւ նշել 24 Ապրիլին, որ հայկական սպանդներու ոգեկոչման թուականն է։ Այս տարի ալ հայկական սպանդներուն հարիւրամեակն է։ Նախագահ Էրտողան Քոլոմպիայի մէջ այս մասին խօսեցաւ եւ ըսաւ. «Առաջարկեցինք, որ այս հարցը քաղաքական նիւթ դարձնելէ դադրինք, գիտական դաշտ փոխադրենք, հրաւիրեցինք, բայց անոնք հաշտութեան առջեւ դուռը գոցեցին»։ Մեծայարգ Էրտողանը արդեօք այս պետական քաղաքականութեան մէջ նշանակութիւն մը կը գտնէ՞, տրամաբանութիւն մը կը տեսնէ՞, անկեղծութիւն մը կը զգա՞յ, հաշտութեան ձայնը կը լսէ՞։ Եթէ դուն Կալիփոլիի յաղթանակը ամէն տարուայ պէս 18 Մարտին նշէիր եւ անոնք ալ հրաւէրդ մերժէին, այդ ատեն գետինէն մինչեւ երկինք իրաւունք կ՛ունենայիր ըսելու, թէ հաշտութեան դեմ դրին։ Բայց հիմա այս բանը չենք կրնար ըսել։ Անցեալ տարի, 24 Ապրիլին, Էրտողան հայ ժողովուրդին իր ցաւակցութիւնները յայտնեց։ Ասիկա կարեւոր զարգացում մըն էր. մինչեւ այսօր միշտ մերժուած անարդարութեան մը՝ Թուրքիոյ կողմէ պաշտօնապէս ճանաչումն էր։ Ասիկա թէ՛ ժողովրդավարութեան անունով կարեւոր զարգացում էր, եւ թէ հայ ժողովուրդի աչքին Էրտողանի աստղը կը փայլեցնէր։ Եթէ այս տարի Կալիփոլիի յաղթանակը 18 Մարտին նշէիր եւ 24 Ապրիլն ալ Տխրութեան օր հռչակէիր, ապա ատիկա աւելի իմաստալից ու խաղաղասէր չէ՞ր ըլլար»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.