ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շրջանի ՀՄԸՄի կեանքէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Օրուան նուիրուած երկար շաբաթավերջը միշտ վերապահուած է ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղին, որ այդ ընթացքին կը կազմակերպէ տարեկան իր մեծագոյն եւ միակ ձեռնարկը՝ բարձր դասակարգերու պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային մարզախաղերը:
Այս տարի այդ մարզախաղերուն 30ամեակն էր, ինչ որ առաւել հետաքրքրական դարձուցած էր մրցաշարքը, որուն անհամբերութեամբ կը սպասէին տեղի հայութիւնն ու ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի մարզասէրները: Հոն էին Լոս անճելըսէն մինչեւ Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Լաս Վեկասի մասնաճիւղերէն ընտրուած 65 պասքեթպոլի եւ 4 ֆութպոլի խումբեր՝ մրցակցութեան շաբաթավերջ մը անցընելու, իրարու մօտէն ծանօթանալու եւ իրենց ուժերը չափելու զանազան դասակարգերու խումբերու հետ:
Եռօրեայ այս մարզախաղերը տեղի ունեցան 14-16 Փետրուար 2015ին, Սան Տիէկոյի Alliant International University-ի մարզադաշտերուն վրայ: Գեղեցիկ երեւոյթ էր համալսարանի հսկայական այս տարածքի վեց մարզադաշտերուն վրայ միաժամանակ հետեւիլ պասքեթպոլի մրցումներուն, որոնց բծախնդիր կազմակերպման եւ իրագործման մեծապէս նպաստեց Շրջանային մարզական խորհուրդի կազմը, որ ամբողջ երեք օրեր հսկելով անոնց ընթացքին՝ ապահովեց անոնց յաջող ու հեզասահ աւարտը: Մարզական խորհուրդին առընթեր, եռօրեայ մրցումներուն մօտէն հետեւեցան նաեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան եւ մարզական պատասխանատու Արամ Թոմաս: Անուրանալի է նաեւ մասնաճիւղին թափած գնահատելի ջանքերը մեծածաւալ այս մրցումներու կազմակերպման մէջ:
Շաբաթ, 14 Փետրուարի կէսօրէն ետք, ժամը 1ին, մարզադաշտերուն վրայ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, որոնց նահատակութեան 100ամեակն է այս տարի: Ապա, Սեւակ Կարապետեան՝ հայերէնով, եւ Քուինթ Քեմնիթց՝ անգլերէնով, ընթերցեցին այս առիթով պատրաստուած Շրջանային վարչութեան պատգամը, որուն քար լռութեամբ հետեւեցան ներկաները: Պատգամը կ՛ըսէր.
«Սիրելինե՛ր, այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակն է, եւ այս տխուր առիթով, դարձեալ ոտքի է համայն հայ ժողովուրդը՝ նախ յարգելու յիշատակը իր մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն եւ ապա՝ արդար պատիժը տալու անմարդկային այս արարքի հեղինակ ոճրագործ թուրքին: Թուրք պետութիւնը, պէտք է՝
Ընդունի իր նախահայրերուն գործած ոճիրը
Վերադարձնէ իր գրաւած հողերը եւ
Հատուցէ իր պատճառած կորուստներուն համար:
Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք մեր պատմութեան տաժանագին այս սեւ էջը, որ իրականացաւ 24 Ապրիլ 1915ին, մարդասպան թուրքին կողմէ, ոչնչացնելու համար մեր ստեղծագործ ժողովուրդը: Ան ջարդեց հայ ժողովուրդը, որպէսզի ոչնչացնէ մեզ, սակայն չյաջողեցաւ: Հայ ժողովուրդը ծլեցաւ ու ծաղկեցաւ, կերտեց սերունդներ, որոնց լաւագոյն օրինակները դո՛ւք էք: Հզօրացէ՛ք ֆիզիքապէս ու հոգեպէս: Լա՛ւ սորվեցէք մեր լեզուն եւ մշակոյթը, այցելեցէք Հայաստան, ազգասիրութեամբ լեցուեցէք, որպէսզի յաւերժ ապրի մեր ազգը:
Սիրելինե՛ր, այս համոզումով, Շրջանային վարչութիւնը 2015 տարեշրջանի ՀՄԸՄական բոլոր ձեռնարկները՝ մարզական, սկաուտական կամ այլ, նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Թող ձեր գնդակի իւրաքանչիւր հարուածը ուղղուի մեր արդար Դատի լուծման ջանքերուն, ձեր նշանակած իւրաքանչիւր կօլը թող նոր յաղթանակ մը արձանագրէ այդ ջանքերու արդիւնաւորման մէջ:
ՀՄԸՄը մեր նահատակ սերունդի ժառանգորդներէն մէկն է, որ իրաւունք չունի մոռնալու իր անցեալը եւ պարտաւոր է իր առողջ սերունդներով երթալու միշտ առաջ, դէպի յաղթանակ:
Յառա՛ջ Նահատակ Ցեղի Անմահներ»:
Շաբաթ եւ Կիրակի տեղի ունեցող մարզական առողջ պայքարէն ետք, մարզախաղերու ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցան Երկուշաբթի, 16 Փետրուարին: Իւրաքանչիւր մրցումէ ետք, յաղթող խումբին յանձնուեցաւ իր դասակարգի ախոյեանութեան բաժակը: Գեղեցիկ այս մրցաշարքը իր աւարտին հասաւ նոյն օրը, կէսօրէն ետք ժամը 2:30ին: Հարիւրաւոր մարզիկներ եւ ծնողներ գոհունակութեամբ վերադարձան տուն՝ Նաւասարդեան մարզախաղերուն նախապատրաստուելու եւ յաջորդ տարի նոյն մրցումներուն դարձեալ մասնակցելու յոյսով:
«Իբրեւ մարզիկ, մարզիչ, մարզական պատասխանատու եւ այս տարի իբրեւ Շրջանային վարչութեան կապ՝ մասնակցած եմ այս մարզախաղերուն եւ հոգեկան լայն բաւարարութիւն զգացած եմ: Պէտք է ընդունինք, որ իրենց կազմակերպման առաջին օրէն իսկ, այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութեամբ ընկալուած են մեր մասնաճիւղերուն կողմէ, եւ այդ իսկ պատճառով, անոնք միշտ յաջողութեամբ պսակուած են», գոհունակութեամբ շեշտեց Արամ Թոմաս, մրցաշարքի աւարտէն ետք:
14 Փետրուար 1983ին, «Սեւան» մասնաճիւղը տարեկան իր այս մարզախաղերուն նախաձեռնելով՝ անգամ մը եւս մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն եւ յատկապէս Սան Տիէկոյի փոքրաթիւ գաղութին մէջ:
Ստորեւ՝ այս տարուան մարզախաղերուն ախոյեան հանդիսացած մասնաճիւղերը. մարզախաղերու ամբողջական արդիւնքները կարելի է տեսնել ՀՄԸՄի կայքէջին վրայ՝ www.homenetmen.net: