Շ. Մ.
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին քաղաքապետ Էրիք Փիոլ, հաւաքականի անունով՝ Փասքալ Պապագեան եւ դեսպանատան ներկայացուցիչ Վ. Աթաբէկեան, որոնք Ցեղասպանութենէն առնուած պատկերներու նկարագրականներէն ետք, անդրադարձան Թուրքիոյ անպատասխանատու եւ անարդար կեցուածքին: Անոնք հանդէս եկան ճշմարտութիւնը երեւան հանելու միացեալ կոչով մը, որուն միացաւ ներկայ բազմութիւնը բուռն ծափահարութիւններով:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ սեւ օրերու փաստագրական տեսաերիզ մը, պատրաստուած «Ազատ Մակազին»ի նախագահ Կրէկուար Ադամեանի կողմէ, ընկերակցութեամբ Արայիկ Սագունցի, որմէ ետք Հայ մշակոյթի տան երիտասարդները Տիանա Ժամկոչեանի գլխաւորութեամբ պաստառի վրայ սփռեցին վերապրողներու եւ ականատեսներու վկայութիւնները եւ վերջիններուս լուսանկարները: Ապա տղաքը երգեցին յոյս ներշնչող հայրենասիրական երգեր:
Աւարտին բազմութիւնը հիւրասիրուեցաւ բարեկամական բաժակով եւ «քոքթէյլ»ով մը:
Արդարեւ, 100ամեակի առիթով Կրընոպլի զանազան շրջաններու մէջ տեղի պիտի ունենան դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ, համերգ, բանաստեղծական ու երաժշտական երեկոյթներ:
«Նոր Յառաջ»