ԶՄՐՈՒԽՏ ՕՊՈԶԵԱՆ
Հայացուց՝ Գ. Դ.
Լիոն հաստատուած առաջին հայը կը կոչուէր Ռաֆայէլ–Արամ Տէր Զաքարեան: Ան Կ. Պոլիսէն եկած էր 1877ին եւ կը զբաղէր ոսկեթելի արտադրութեամբ: 1918ին կը հիմնուի Հայոց ազգային միութիւնը՝ Ստեփան Կարապետօղլուի կողմէ, որ փոքր Ասիայէն եկած էր 1894ին, կը զբաղէր մետաքսի վաճառականութեամբ, եւ անոր շառաւիղները մինչեւ հիմա կ՛ապրին Լիոնի մէջ: Չմոռնանք, որ Լիոնը մետաքսի մայրաքաղաքն էր Վերածնունդէն ի վեր:
1923էն սկսեալ, հայերը կը հաստատուին Ռոն–ալփեան շրջանի մայրաքաղաքին մէջ, ուր երկաթագործութիւնն ու կտաւագործութիւնը աշխատաւոր ձեռքերու պէտք ունէին: Անոնց թիւը շուրջ 500 էր: Հայոց ազգային միութեան նախագահ Սերովբէ Փափազեանի օրով եւ Գրիգորիս եպիսկոպոս Պալաքեանի ջանքերով կը կառուցուի Լիոնի առաջին հայկական մատուռը, 7րդ թաղամաս, Պերթըլօ փողոց, թիւ 75:
Առանց մասնագիտական կարողութեան տէր ըլլալու, նորահաս գաղթականները կը սկսին աշխատելու ինքնաշարժի ճարտարարուեստի մէջ՝ Berliet-ի մօտ, հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստի մէջ՝ Gillet-ի մօտ եւ կամ քացախաթթուի աղ արտադրող Rhodiaceta գործարանին մէջ:
1929ի տնտեսական տագնապը կը հարուածէ ամբողջ աշխարհը, եւ 10 Օգոստոս 1932ին կը հրապարակուի օտար աշխատաւորներուն համար օրէնք մը, որով կը սահմանափակուի գաղթականներու մուտքը: Գործազրկութեան պայմաններու մէջ գործարաններու աշխատաւորները պէտք էր իրենց գլխուն ճարին նայէին ու անոնք կը դառնան արհեստաւորներ՝ դերձակ, կօշկակար, եւ այլն: Կիները դերձակուհի կը դառնան կամ կօշիկի երես կը կարեն: Անոնք կը բնակին Guillotiere-ի շրջանի նախկին զօրանոցներու մէջ հաստատուած հիւղաւաններու նեղ պայմաններուն մէջ: Անոնք բնակութիւն կը հաստատեն նաեւ 6րդ թաղամասի Servient, Moncey, Rabelais, Cuvier եւ այլ փողոցներու մէջ՝ հայաշատ շրջան մը ստեղծելով: Այսօր հայերը առաւելաբար կեդրոնացած են 3րդ թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուին Հայ առաքելական եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիները, դպրոցը, հիւպատոսարանը եւ France-Armenie ամսագիրի խմ-բագրատունը:
Անոնք իրենց դժուար առօրեային մէջ կը ջանային ապաքինիլ Ցեղասպանութեան թողած վէրքերէն, մոռնալ երկրի մէջ իրենց ծաղկուն ասպարէզի եւ հաստատութեան կորուստի բերմամբ ընկերային վիճակի փոփոխութիւնը, կեցութեան արտօնագիրի ետեւէն վազել, եւ այլն:
Արդէն 7000ի հասած էր գաղթականներու թիւը: Այս դժուարութիւնները ձեւով մը կը թեթեւնային մշակութային եւ ընկերային գործունէութեամբ, որով եռուն էին 30ական թուականները: 7 թերթեր կը հրատարակուէին աւելի կամ նուազ ժողովրդականութեամբ, հայերէնի դասեր, թատերական ներկայացումներ, տօներու նշումներ, խնճոյքներ, դաշտահանդէսներ, եւ այլն կը հաւասարակշռէին առօրեայ կեանքը: Շուրջ քսան քիլոմեթր կ՛երթային թութ հաւաքելու, դաշտագնացութիւն կ՛ընէին Rize-ի ափին: Իրենց հետ մակարդ կը տանէին, որպէսզի մածուն պատրաստէին:
1936ին Ս. Մարիամ Աստուածածին մատուռը կը փոխադրուի 6րդ թաղամաս: 1940-46 եկեղեցւոյ վարչութիւնը կը գլխաւորէ Ճիպրայէլ Պահատուրեանը, որ արդէն 1929էն ի վեր հոն հաստատուած էր եւ կը զբաղէր նպարավաճառութեամբ: Ծնած էր 1905ին, Աքսերիա, Գոնիայի մօտ, վեհանձն անձնաւորութիւն մը, որ տնտեսապէս օգնեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառուցման: Երբ իր գործերը ծաղկուն ընթացքի մէջ էին, եւ ինքն ալ որոշ տարիքի հասած էր, Villeroy փողոցի իր խանութին մէջ անմոռանալի յիշատակներ ձգած էր մանուկներու հոգիին մէջ, անոնց անուշեղէն բաշխելով եւ ուրախացնելով:
Այդ ժամանակաշրջանի ուրիշ անձնաւորութիւն մըն էր Նափոլէոն Պիւլլիւքեանը, ճարտարարուեստի մարդ եւ բարերար, ծնած 1905ին, Մալաթիա: Ան իր անունով հիմնադրամ մը կը հաստատէ, որ գումարներ կը յատկացնէ զանազան մշակութային եւ ընկերային միութիւններու:
Լուի Պլան փողոցի մատուռը, երբ այլեւս նեղ կու գար համայնքի եկեղեցական կարիքներուն համար, նոր եկեղեցի մը կառուցելու անհրաժեշտութիւն կը ծագի: Եկեղեցւոյ կառուցման յանձնախումբ մը կը ստեղծուի, գլխաւորութեամբ Կարպիս Ճընկըտըրեանի: Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ օծումը տեղի կ՛ունենայ մեծ շուքով, 1963ին, նախագահութեամբ քաղաքապետ Լուի Փրատելի եւ կազմակերպութեամբ Լիոնի եւ շրջակայքի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ազգային միութեան (նախկին Հայոց ազգային միութիւն), որուն նախագահն էր Անդրանիկ Օպոզեան: Օծումը կը կատարէ Սերովբէ արք. Մանուկեան:
Քաղաքը կ՛ունենայ հայկական անունով մկրտուած տեղանուններ: Ներկայի rue dArmenie-ն ծնունդ կ՛առնէ 1977ին: Աւելի ուշ կ՛ունենանք «Լէա եւ Նափոլէոն Պիւլլիւքեան» ճեմավայրը, «Ճիպրայէլ Պահատուրեան» հրապարակը, Երեւանի պարտէզը, «Հրանդ Տինք» փողոցը:
Հայերը ընդհանրապէս կը զբաղին զանազան արհեստներով եւ վաճառականութեամբ: Նոր սերունդները բարձրագոյն ուսում կը ստանան, կը համարկուին ֆրանսական ընկերութեան մէջ: Կ՛ունենանք արդիւնաբերողներ, վաճառականներ, ղեկավար պաշտօնեաներ, ուսուցիչներ, գիտնականներ, բժիշկներ, վիրաբոյժներ եւ ազատ ասպարէզի նախաձեռնողներ: Բայց համայնքի ամենակարեւոր խարիսխը կը մնայ դպրոցը: Նախաձեռնութեամբ Նորվան եպիսկոպոս Զաքարեանի, «Մարգարեան–Փափազեան» դպրոցը (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան) իր դռները կը բանայ 1988ի ուսումնական վերամուտին, իսկ դպրոցի շէնքին բացումը կը կատարուի 1997ին, ձեռամբ երջանակայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի:
Լիոնի հայութեան համար 21րդ դար մուտքը կը յատկանշուի քաղաքի կեդրոնին մէջ յուշարձանի կանգնումով, նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ բոլոր Ցեղասպանութիւններու զոհերուն: Յուշարձանը մտայղացումն էր Ժիւլ Մարտիրոսեանի եւ կը վայելէր անվերապահ զօրակցութիւնը քաղաքապետ Ժերար Քոլոմպի: Բացումը կը կատարուի 2006ին: Ժիւլ Մարտիրոսեան ամբողջ 20 տարի վարած էր նախագահութիւնը կեդրոնական Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF), եւ զայն կը փոխանցէ Միքայէլ Քազարեանին:
Լիոնը այժմ ունի նաեւ հայկական հիւպատոսարան, որուն բացումը կատարուեցաւ անցեալ Յուլիսին:
Հայ առաքելական եկեղեցին կը կառավարուի Լիոնի եւ շրջակայքի Ծխական խորհուրդին կողմէ, որուն պատուաւոր նախագահն է Սեպուհ Սարեան եւ նախագահը՝ Ժան–Ժագ Օսմանճեան: Ռոն–ալփ շրջանի առաջնորդական փոխանորդն է Կարապետ վրդ. Յարութիւնեան, իսկ հոգեւոր հովիւը՝ Իսահակ քհնյ. Հեքիմեան:
Ցեղասպանութեան ոգեկոչումները անցեալի նման սգահանդէսներ չեն այլեւս: Համագումարներ, ցուցահանդէսներ, գիրքերու հեղինակներու հետ հանդիպումներ, շարժանկարներու ցուցադրութիւններ, պարախումբի ելոյթներ եւ այլ մշակութային ձեռնարկներ իրենց տեղը գրաւած են անցեալի պարահանդէսներու եւ հայրենասիրական ձեռնարկներու կողքին:
Սերունդներու փոփոխութեամբ չքացած են անցեալի «Ուրկէ՞ էք, Էրզրումէ՞ն, Ատափազարէ՞ն» եւ նման հարցումները:
Համայնքը լաւապէս կազմակերպուած է: Զանազան հայ անձնաւորութիւններ այցելած են Լիոն, ինչպէս՝ Վազգէն Ա. կաթողիկոս, Գարեգին Ա., Գարեգին Բ., նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան: Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ կապերը շատ ամուր են, անոնց միջեւ համագործակցութիւնը հաստատուած է 1993ին:
Անցեալ Ապրիլէն ի վեր Լիոնի առաջին փոխ-քաղաքապետն է Ժորժ Քեփենեկեանը: Լիոնը նաեւ տուած է կարգ մը արուեստագէտներ, ինչպէս՝ լուսանկարիչ Խաժակ Օհանեան, երգահան եւ դաշնակահար Անտրէ Մանուկեան, Միշէլ Հալէ Եղայեան, «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ժան Պէրպէրեանի, բեմադրիչ՝ Սարգիս Չէօմլէքճեան, նուագախումբի ղեկավար՝ Ալեքսանտր Սիրանոսեան, աստիճանաւոր խոհարար՝ Ալէն Ալեքսանեան, նկարիչներ եւ բազմաթիւ այլ արուեստագէտներ:
Աւելի քան 50 միութիւններ եւ ընկերակցութիւններ Մեծն Լիոնի մէջ կը համակարգեն 20,000 հոգինոց կազմակերպուած համայնքի մը կեանքը:
Վերջին տարիներուն զանգուածային արտագաղթի բերումով, Հայաստանէն եկած հայեր, ունենալով համայնքային տարբեր մշակոյթ եւ սովորութիւններ՝ ընդհանրապէս հեռու կը մնան լիոնահայութեան հաւաքական կեանքէն:
«Ֆրանս Արմէնի»