ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնը, հայ հոգեւորականութեան տօնն ըլլալով՝ ամէն տարի առիթ կ՛ընծայէ հոգեւոր խորհրդածութեանց եւ յատուկ արարողութեանց, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց համագումարի կազմակերպման։
Հովանաւորութեամբ թեմի ա-ռաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Երեքշաբթի, Փետրուար 10ին տեղի ունեցաւ տարեկան Ս. Ղեւոնդեանց համագումարը՝ հիւրընկալութեամբ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի ատենապետութեամբ, համագումարը բացուեցաւ աղօթքով: Նշենք, որ առաջնորդ սրբազանը Անթիլիաս կը գտնուէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան ժողովներուն առիթով: Առաջնորդին թելադրանքով, այս տարուան համագումարի օրակարգին գլխաւոր նիւթն էր հոգեւորականներու ներքին ուղեցոյցի սերտողութիւնը։
Քննարկումը վարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան: Հոգեւորականներուն առիթ տրուեցաւ իրենց ներդրումը ունենալու ու գործնական թելադրանքներ կատարելու։ Համագումարը վերջ գտաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի երգեցողութեամբ։
Համագումարէն ետք, հոգեւորականները ուղղուեցան եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից հոգեպարար արարողութիւնը։ Արարողութեան աւարտին, Կրօնական ժողովի փոխատենապետ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան առաջնորդին կողմէ շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակներն ու բոլոր եկեղեցականները՝ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, որմէ ետք հրաւիրեց Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը, որպէսզի օրուան պատգամը փոխանցէ։ Տէր հայրը շեշտեց, որ Ս. Ղեւոնդեանց նահատակութեան պատգամը այժմէական է նաեւ մեր դարուն, որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները զինուին նոյն հաւատքի քաջութեամբ ու զօրութեամբ։ Ապա, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ պաշտօնավարած ննջեցեալ հոգեւորականներու հոգւոց խաղաղութեան համար։
Ժամերգութենէն ետք, ներկաները անցան եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հաւաքական ընթրիք։ Ներկայ էին հոգաբարձութեան, երեսփոխաններու եւ տիկնանց միութեան անդամներ եւ այլ ներկայացուցիչներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.