ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Լրատուամիջոցներու ու գիւմրեցիներու բազմաթիւ պահանջներէն ետք, 24 Փետրուարին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը հրապարակեց Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազութենէն ստացուած պարզաբանման լուսապատճէնը, որուն մէջ կը հաստատուի, որ 3 Փետրուարին Գէորգ Կոստանեան դիմած է ռուս պաշտօնակիցին՝ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանութեան դէպքին առթիւ յարուցուած քրէական գործի վարոյթը Հայաստանի իրաւապահներուն փոխանցելու հարցով:
Նամակին մէջ կը տեղեկացուի, որ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը ներկայ դրութեամբ տակաւին կը քննարկէ Հայաստանի դատախազութեան կողմէ աւելի քան 20 օր առաջ ուղարկուած այդ դիմումը: Քննարկման արդիւնքներուն մասին Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը յառաջիկային յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տայ:
Նամակի բուն բովանդակութեան մասին դատախազութիւնը, սակայն, կրկին մանրամասնու-թիւններ չի հաղորդեր՝ նշելով, որ Կոստանեանի կողմէ Մոսկուա ուղարկուած միջնորդութիւնը կը պարունակէ հրապարակման ոչ ենթակայ նախնական քննութեան տուեալներ:
Յիշեցնենք, որ նամակի բովանդակութիւնը հրապարակելու պահանջով դիմում ներկայացուած է վարչական դատարանին: Գիւմրիի լրագրողներու «Ասպարէզ» ա-կումբի նախագահ Լեւոն Բարսեղեանի համաձայն՝ դատախազութեան 24 Փետրուարի հաղորդագրութենէն դատելով՝ անիկա պիտի մերժուի:
«Նախկինում եղել են դէպքեր, որ պետական պաշտօնեայի նամակը չի տրամադրուել այն որոնողին, այն պատճառաբանութեամբ, որ դա նամակ է, տեղեկատուութիւն չէ, ես այդպիսի վէճ ունեցել եմ եւ պարտուել եմ դատական գործը: Դա անարդար է եղել: Այս մի դէպքում յղում է արւում օրէնքին, որ դրա մէջ գաղտնիք կայ, եւ չեմ բացառում, որ գաղտնիք կայ», նշած է Լեւոն Բարսեղեան:
23 Փետրուարին Կոստանեանի գրութեան բովանդակութիւնը հրապարակելու պահանջ ներկայացուցած էին նաեւ Աւետիսեաններուն հարազատները, որոնք կը պնդեն, թէ մինչեւ օրս քննութենէն որեւէ տեղեկութիւն չունին: Փերմեակովը հայկական կողմին փոխանցելու համար գիւմրեցիները Գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանին 40 օր ժամանակ տուած էին, իսկ այս ժամանակը արդէն աւարտած է: Լեւոն Բարսեղեանի համաձայն՝ նամակը հրապարակելով դատախազութիւնը փորձեց կրակը մարել:
«Դա ընդամէնը փորձեց զայրոյթ մեղմել սպանուածների հարազատների երէկուայ բողոքի ցոյցից յետոյ, երբ մարդիկ փաստօրէն վերջնաժամկէտ նշանակեցին, որ Հինգշաբթի գա էստեղ, խօսելու բան կայ: Երեւի ինքը չի գայ էստեղ եւ փորձեց այսօր այդ նամակով ինչ-որ կերպ մեղմել այդ մարդկանց զայրոյթը, բայց էդ թղթաբանութիւնը հրապարակելը չի օգնում սրան, մարդիկ արդէն գիտեն՝ ով է Կոստանեանը, ով է Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութիւնը: Հիմա արդէն այս պատմութիւնը լրջօրէն դառնում քաղաքական պատմութիւն», դիտել տուած է Բարսեղեան:
Յիշեցնենք, Աւետիսեաններուն հարազատները երկու օր առաջ Շիրակի մարզի դատախազութեան գրասենեակին մէջ պահանջեցին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի Գիւմրի գալն ու իրենց հարցումներուն պատասխան տալը՝ նշելով, որ քանի մը օր ալ կը սպասեն եւ Ուրբաթ օր փողոց կ՛իջնեն։ Գլխաւոր դատախազի մամլոյ խօսնակ Քրիստինէ Մելքոնեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ներկայ դրութեամբ գլխաւոր դատախազին Գիւմրի մեկնելու հարց չկայ օրակարգին վրայ։ «Հայաստանի իշխանութիւնները երեւի թէ հրաժարւում են Շիրակի մարզի եւ քաղաքի վրայ իշխանութիւն լինելուց: Էն որ քուէարկութիւններով իրենք շպրտուել են մի կողմ՝ անցած տարիների ընթացքում, դա յայտնի էր, հիմա ուղղակի ձեռք են քաշել, զահլա չունեն», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Բարսեղեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.