Գինի մեծագոյն աճը նկատուած է ծխախոտի պարագային:
Կտրուկ կերպով աճած են նաեւ թռիչքի տոմսերու գիները: Փակուած են որոշ դեղարաններ, որովհետեւ Ատրպէյճանի մէջ դեղորայքը գլխաւորաբար կը ներածուի:
Ընդդիմութիւնը խստօրէն քննադատած է Ատրպէյճանի Կեդրոնական դրամատան քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքով՝ մանաթը աւելի քան 33 տոկոսով արժեզրկուած էր տոլարին դիմաց: Ատրպէյճանի Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլի Կեդրոնական դրամատան որոշումը որակած է «պետական մակարդակով ժողովուրդը թալանել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.